Վերնիսաժի մէջ կրակոց արձակած Գոռ Առաքելեանը երկու ամիս պիտի բանտարկուի

By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014

 



ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».-Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր դատարանը երկու ամիսով կալանաւորեց Վերնիսաժի մէջ կրակոցներ արձակած Գոռ Առաքելեանը, որ փոխադրուած է Նուբարաշէնի բանտ: Այս մասին կը յայտնուի shamshyan.com-ը:

Ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Երեւանի Կենտրոնի քննիչ Աշոտ Մինասեան պահանջած է նշեալ դատարանին, որ որպէս խափանման միջոց Գ. Առաքելեանին երկու ամիսով բանտարկուի:

Գոռ Առաքելեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 34-104 յօդուածի 2րդ մասով եւ 235 յօդուածի 1ին մասի յատկանիշներով:

Նշենք նաեւ, որ Գոռ Առաքելեան Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Կարապետեանի (Եուուեցի Կարօ) փեսան է՝ դստեր ամուսինը:

 


comments

Advertisement