Խորհրդարանը մերժեց Դաշնակցութեան ներկայացուցած օրինագիծը

By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 21 Մայիսին Ազգային ժողովը ձայներու 53 թեր, 66 դէմ եւ 3 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ մերժեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի, Արծուիկ Մինասեանի եւ Արմէն Բաբայեանի կողմէ ներկայացուած օրինագիծը՝ Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքին, Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին եւ «Սահմանադրական դատարանի մասին» Հայաստանի օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին, որով կ՛առաջարկուի անցում կատարել հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին:


Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ՝ ըսելով, որ խնդիրը քննարկման կարիք ունի, եւ քանի որ յառաջիկային սահմանադրական փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան, ուրեմն այս հանգրուանին Հանրապետական կուսակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ այդ օրինագիծին, որպէսզի հետագային անիկա մանրամասնօրէն քննարկէ:

«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանը նշեց, որ դեռ մէկ տարի առաջ «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը ներկայացուցած էր նման նախագիծ, եւ բնականաբար, «Ժառանգութիւն»ը թեր պիտի քուէարկէ այդ նախագիծին։


comments