Սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի հանրային քննարկում կը կատարուի

By Asbarez | Tuesday, 20 May 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի հանրային լսումներ կը կատարուին: Լսումները կազմակերպած են Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովը, ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակը, Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութիւնը: Լսումներուն նպատակը հանրութիւնը իրազեկելն ու սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին մէջ առաւել աշխոյժ մասնակցութեան մղելն է: Լսումները տեղի կ՛ունենան «Անի Պլազա» պանդոկին մէջ, յաջորդ լսումները եւս պիտի կայանան նոյն վայրին մէջ, 21-29 Մայիսին:

Լսումներուն սկիզբը Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ներկայացուցած է սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծը, պատճառները, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ են այդ բարեփոխումները:

Գագիկ Յարութիւնեան անդրադարձած է իրաւունքներու իրացման կապուած վիճակին, հանրային հաշուետուութեան եւ իրաւական վէճերու կարգաւորման հիմնարկներու ստեղծման անհրաժեշտութեան:

«Քաղաքական հարցերն անհրաժեշտ է լուծել իրաւական դաշտում, ոչ թէ իրաւականները՝ քաղաքականում», ընդգծած է Սահմանադրական դատարանի նախագահը՝ յիշեցնելով, որ ժողովրդավար պետութիւնը պէտք է այդ ճամբով ընթանայ:

Ան նաեւ անդրադարձած է արդարադատութեան համակարգին՝ յիշեցնելով, որ անիկա պէտք է ըլլայ անկախ եւ անկողմնակալ: Նշուած է նաեւ հանրագիրներու հիմնարկի ներդրման անհրաժեշտութիւնը: Խօսքը այն մասին է, որ պետական մարմինը պէտք է ընթացք տայ քաղաքացիներու խմբային դիմումներուն:
Գագիկ Յարութիւնեան նաեւ օրինակներ բերած է, երբ Սահմանադրական դատարանի որոշումներն ու օրէնսդրութիւնը իրարու կը հակասեն: Աւելի՛ն, հիմնական օրէնքի դրոյթներուն մէկ մասը որպէս բարեմաղթանք կը մնայ: «Արդիւնքում օրէնքների կամայական մեկնաբանման հնարաւորութիւն է ստեղծւում: Եթէ հարցերը հիմա չլուծուէն, բացասական միտումները պարբերական բնոյթ կ՛ունենան», ընդգծած է Յարութիւնեան՝ աւելցնելով, որ խօսքը պարտաւորութիւններու կատարման մասին չէ, այլ ժողովրդավար պետութեան ստեղծման:

 


comments