Կիւլը Կը Շարունակէ Արցախի Հարցը Կապել Հայ-Թրքական Գործընթացին

By Asbarez | Monday, 12 September 2011

«Ազատութիւն» կայանը կը հաղորդէ, թէ Մոսկուա այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ հարցազրոյցի մը ընթացքին անգամ մը եւս յայտարարած է, թէ Արցախի տագնապին լուծումը կամ այդ գծով որեւէ յառաջխաղացք դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացին վրայ:

Ռուսական «Մոսկովսքի Քոմսոմոլեց» թերթին կողմէ Հինգշաբթի օր հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ Կիւլ նշած է, որ Անգարա տարածաշրջանային կայունութիւնն ու զարգացումը, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները ուղղակիօրէն կը կապէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման հետ:

«Ինչպէս գիտէք, ղարաբաղեան խնդիրը Հարաւային Կովկասի մէջ բարենպաստ կլիմայի հասնելու հիմնական խոչընդոտն է: Այս առումով, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ դիրքորոշումները նոյնն են», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը, պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցիլ խաղաղութեան գործընթացին, որուն անձամբ կը մասնակցի Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւը:

«Մենք իսկապէս կ՛ուզենք, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը հասնի իր վերջնակէտին», յայտարարած է Կիւլ, միաժամանակ ըսելով, որ հայ-ատրպեճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կապուած են տարածաշրջանի ապահովութեան:

comments