By Asbarez | Thursday, 22 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովը ընդունեց Հայաստանի Կառավարութեան Նոր ծրագիրը, որուն թեր քուէարկեցին 70, դէմ՝ 1, ձեռնպահ՝ 2 պատգամաւորներ:
Օրինաց Երկիր խմբակցութեան անդամ Կարէն Բօթոյեան տեղեկացուց, որ խմբակցութենէն դուրս ելլելու առնչութեամբ դիմում ներկայացուցած է, եւ որ թեր պիտի քուէարկէ նախագիծին։
Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերը նախապէս արդէն իսկ յայտարարած էին, որ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան։
Այդպէս ալ եղաւ: Խորհրդարանական քառեակը՝ ՀՅԴն, ՀԱԿը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ «Ժառանգութիւն»ը չմասնակցեցան կառավարութեան ծրագիրի քուէարկութեան: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
«Փոփոխութիւնները, որ կարող էին երաշխաւորուել, այն ուղղութեամբ, որ մենք էինք տեսնում, չկան», նշած է ան։
«Իրատեսական չի կարող լինել այն ծրագիրը, որը շրջանցում է հիմնական խնդիրները եւ խուսափում է իրերը կոչել իրենց անուններով: Ճգնաժամային իրավիճակի գնահատական չկայ», բացատրած է ան։
Ըստ անոր՝ պահանջկոտ չի կրնար ըլլալ այն ծրագիրը, ուրկէ ամբողջութեամբ կը բացակային վերահսկողութեան մեքանիզմները: Եւ այդ պատճառով ալ անիկա բազմակարծիք չէ: «Եթէ դու վստահ ես, որ լաւ ես աշխատում, թող քեզ կրկնակի էներգիայով վերահսկեն քեզ հետեւողները: Այսօր ընդդիմութիւնը՝ մենք, վաղը՝ ուրիշները: Սակայն կը մնայ արդիւնաւէտ վերհսկողութեան ազդեցութիւնը: Ամէն ինչ մի կապէք անձանց հետ: Դրանով դուք ամէն ինչ փճացնում էք: Դուք ասում էք, որ բանը հէնց մեզանում է, որ ընդդիմութեանը չի կարելի վերահսկող գործառոյթներով լիազօրել, քանի որ այն վատն է: Ախր ոչ մի իշխանութիւն էլ չի ասի, որ ընդդիմութիւնը լաւն է: Եւ դա դուք չէք որոշում: Դա որոշում է ժողովուրդը», ըսած է Ռուստամեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ 22 Մայիսի առաւօտեան քառեակը նիստ կայացուցած է եւ նման որոշում տուած է: Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ պիտի չմասնակցէին քուէարկութեան, հապա ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը առաջարկներ ներկայացուցած է կառավարութեան, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշած է. «Դա ի՞նչ կապ ունի: Մեր մերժումն աւելի է հիմնաւորուել: Առաջարկներ ենք ներկայացրել եւ միշտ պատրաստ ենք, եթէ որեւէ մէկը մեր առաջարկները կ՛ընդունի: Բոլորն էլ հասկանում են, որ եթէ դրանք ընդունուեն, էական բան կը փոխուի, դրա համար չեն ընդունել»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ