Հայաստանցի որոշ տարիքի պատկանողներ Ամերիկեան վիզա պիտի ստանան առանց հարցազրոյցի

By Asbarez | Thursday, 22 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտարարեց, որ 21 Մայիսէն կը վերցուի Միացեալ Նահանգներ մուտքի ոչ ներգաղթի յատուկ արտօնագիրներու (վիզաներու) տրամադրման համար հարցազրոյց կայացնելու պարտադիր պահանջը մինչեւ 10 տարեկան երեխաներու եւ 79էն աւելի մեծ տարիք ունեցողներուն համար, ինչպէս նաեւ արտօնագիրի երկարաձգումը որոշ պարագաներուն։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ հարցազրոյցի պահանջը չեղեալ նկատելով՝ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը փորձէ տարեց քաղաքացիներուն, երեխաներուն ուղեկցութեամբ ճամբորդող ընտանիքներուն ու յաճախակի ճամբորդութիւններ ընողներուն համար առաւել արագ ու պարզ դարձնել վիզա ունենալու գործընթացը։


Այս մասին յայտարարած է հիւպատոս Ճորճ Լին, որ բացատրած է. «Հարցազրոյցի պահանջի վերացումը պիտի առաջնորդէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ մշակութային, կրթական, առեւտրական կապերու եւ յարաբերութիւններու յաւելման, սերտացման եւ ամրապնդման: Այս նոր մօտեցումը պիտի դիւրացնէ օրինական ուղեւորութիւնները դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ միաժամանակ ապահովելով մուտքի արտօնագիրներու գործընթացի թափանցիկութիւնն ու ազգային անվտանգութեան երաշխիքները»:

Միաժամանակ, ըստ հաղորդագրութեան՝ հիւպատոսական պաշտօնեաները կրնան իրենց հայեցողութեամբ հարցազրոյցի հրաւիրել դիմողները, նոյնիսկ եթէ անոնք վերոյիշեալ խումբերուն կը պատկանին:


comments

Advertisement