By Asbarez | Thursday, 22 May 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժինի պետ Սենոր Հասրաթեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ հայկական կողմը 21 Մայիսէն 22 Մայիս լուսցող գիշերը ճիշդ ժամանակին կրցած է կանխել ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ սահմանը անցնելու յարձակման փորձ մը։ Պատասխան գործողութիւններուն ընթացքին հայկական բանակը հակառակորդին պատճառած է կորուստներ եւ զայն ետ մղած է, իբրեւ հետեւանք երեք ատրպէյճանցի զինուորներ մահացած են։
«Հայկական կողմը կորուստներ չի ունեցել», հաստատուած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Հասրաթեան յայտնած է, թէ յարձակման փորձէն օր մը առաջ հայկական մարտական յենակէտին ուղղութեամբ արձակուած ատրպէյճանական կրակոցներուն պատճառով զոհուած է զինուորական ծառայող Արթուր Օհանջանեանը:
Մինչ հայկական կողմը կը հաստատէ, որ ատրպէյճանական կողմէն յարձակման փորձ կատարուած է, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 22 Մայիսին հրապարակած է յայտարարութիւն մը՝ պնդելով, որ 22 Մայիսին հայկական կողմէն յարձակման փորձ կատարուած է Ֆիզուլիի դիրքերուն ուղղութեամբ, եւ իբրեւ հետեւանք երեք ատրպէյճանցի զինուորներ մահացած են։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է իր առնչութիւնը օր մը առաջ սահմանին վրայ հայ զինուորին սպանութեան հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ տարուէ տարի հակառակորդին կողմէ առաւել եւս կը սրի սահամանագիծին վրայ լարուածութիւնը՝ թէ՛ զինադադարի դրութեան խախտման եւ կրակոցի դէպքերով, թէ՛ յարձակման փորձերով։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, այս տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ հայկական սահմանին վրայ 5-6 յարձակման եւ թափանցման փորձ կատարուած է։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ