ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան եւ Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Ժան Միշել Հափփին 23 Մայիսին վարկային ու ֆինանսաւորման համաձայնագիրներ ստորագրած են՝ կրթութեան եւ ընկերային ոլորտներու ծրագիրներու իրագործումը ապահովելու նպատակով:
Միջազգային զարգացման ընկերակցութեան հետ ստորագրուած համաձայնագիրով, ընկերային պաշտպանութեան վարչարարութեան Բ. ծրագիրով Հայաստանին պիտի տրամադրուի 21,2 միլիոն տոլարին համարժէք 13,9 միլիոն յատուկ փոխառութեան իրաւունքի (SDR) չափով վարկ: Ծրագիրին նպատակն է բարելաւել ընկերային պաշտպանութեան ծառայութիւններու տրամադրումը եւ հզօրացնել զանոնք մատուցող, ինչպէս նաեւ ընկերային պաշտպանութեան նպաստներ վճարող մարմիններու վերլուծական, մշտադիտարկման եւ գնահատման գործառոյթները:
Իսկ «Կրթութեան բարելաւման ծրագիր»ի ծիրին մէջ Հայաստան պիտի ստանայ ընդհանուր առմամբ 30 միլիոն տոլար արժողութեամբ վարկ, որուն մէջ 15 միլիոն տոլարը՝ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատունէն, նոյնքան տոլարին համարժէք 9.8 միլիոնի չափով վարկ ալ յատուկ փոխառութեան իրաւունքով (SDR)՝ Միջազգային զարգացման ընկերակցութենէն: Ծրագիրին նպատակն է բարձրացնել հանրապետութեան տարրական դպրոց ընդունուող երեխաներուն պատրաստուածութիւնը, բարելաւել աւագ դպրոցներուն մէջ ֆիզիքական պայմաններն ու կրթական պաշարներու մատչելիութիւնը, ինչպէս նաեւ աջակցիլ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն կրթութեան որակի բարելաւման: