By Asbarez | Friday, 23 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– 23 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ խօսելով քառեակի գործունէութեան մասին, նշեց, որ յառաջիկային քառեակը պիտի փորձէ վերահսկել ու ճշդել, թէ ինչպէս կ՛իրականացուի կառավարութեան ծրագիրը, եւ պարբերաբար հանրութեան պիտի ներկայացնեն այն ցուցանիշները, որոնցմով պիտի գնահատուի՝ յառաջընթաց կա՞յ, թէ ոչ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ քառեակը հաստատուն քայլերով կը յառաջանայ, մինչ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան կը յայտարարէ, որ հրաշալի քառեակ չկայ՝ Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ երբեմն հասարակութիւնը կը ստեղծէ պատկեր մը ու կը դառնայ անոր գերին: Ըստ անոր՝ Աղուան Վարդանեանին ըսածը այն է, որ սթափ պէտք է ըլլալ, քանի որ քառեակը դաշինք չէ ու կարծր ձեւաչափ չէ, որուն մէջ միշտ ալ տարբերութիւններ պիտի ըլլան։ Արմէն Ռուստամեանի ըսաւ. «Հէնց ուզում ես իդէալական միասնութեան մասին խօսել, միշտ յառաջանում են որոշ իրավիճակներ, որոնք փորձում են ներկայացնել իբրեւ միասնութեան փլուզում՝ տպաւորութիւն ստեղծելով, թէ հայ ժողովրդի մէջ միասնութիւն հնարաւոր չէ: Նման մեկնաբանութիւնից խուսափելու համար քառեակը գտել է աշխատելու լաւագոյն սկզբունքը՝ քառեակ են այնքանով, եթէ կարողանում են ինչ որ հարցերի շուրջ համաձայնութեան գալ: Եւ եթէ չկայ համաձայնութիւն, ուրեմն ամէն մէկն իր գործողութիւններում ազատ է»։ Քառեակին այդ պարզ սկզբունքը, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, ցարդ տուած է հիանալի արդիւնքներ, եւ քառեակի անդամները ասով գոհ են: «Բայց երբ ասում են՝ հրաշք տեղի ունեցաւ, եթէ մի բան էն չի, ուրեմն քառեակը գոյութիւն չունի, դա ճիշդ չէ: Տեսնում էք, որ կան քայլեր, որոնք հնարաւոր է միասին իրականացնել, որովհետեւ քառեակի մէջ չկայ մի քաղաքական ուժ, որի անկեղծ նպատակը երկիրն այս վիճակից դուրս բերելը չէ, իսկ դա ամենակարեւոր միաւորող հանգամանքն է», դիտել տուաւ Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ քառեակի համագործակցութիւնը նոր երեւոյթ է Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ, ինչ որ շատ կարեւոր է: Ռուստամեանի համաձայն՝ բնականաբար կան տարաձայնութիւններ, բայց կը յաղթահարուին եւ կը ձեւաւորուի մէկ միասնական դաշտ: Արդէն ընդդիմադիր դաշտ տեղափոխուած Օրինաց Երկիր կուսակցութեան հետ համագործակցութեան մասին խօսելով՝ ան նշեց, որ տրամաբանութիւնը հոս եւս կը պահպանուի, եւ եթէ իրենք կ՛առնեն քայլ մը, որուն կը միանայ ՕԵԿն, այն ատեն կը դառնան հնգեակ: Եւ նման իրավիճակ ծագեցաւ այն ատեն, երբ ՕԵԿը, կուտակայինի առնչուած ներկայացուցած է իր առաջարկը, որ նոյնութեամբ կրկնութիւնն էր նախապէս Դաշնակցութեան կողմէ ներկայացուած ծրագիրին։ «Հարց է հնչում՝ միանո՞ւմ էք ՕԵԿի առաջարկին, ինչպէ՞ս կարող ենք չմիանալ մեր առաջարկին: Եթէ հարցն այդպէս է դրւում, ապա խանդի խնդիր չկայ: Եթէ հետագայում կը լինեն առաջարկներ, որի շուրջ միակարծիք կը լինենք, ապա աւելի լաւ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ երկրին մէջ հարցերը այնքան շատ են, որ պէտք է ուժերը համատեղել:
Անոր համաձայն՝ նոր կառավարութեան եւ յառաջիկայ սահմանադրական բարեփոխումներու լոյսին տակ անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ երբ կարող է եւ երբ պէտք է կառավարութեան կազմը փոխուի: «Հակառակ դէպքում ի վիճակի չենք լինի հասկանալ, թէ ինչպէս պէտք է եւ նախորդ, եւ ներկայիս կառավարութեան աշխատանքը գնահատել», նկատել տուաւ Արմէն Ռուստամեան:
Անոր համաձայն՝ հակառակ պարագային նաեւ անհասկնալի պիտի ըլլայ այն, թէ ինչո՛ւ փոխուած է կառավարութիւնը, եթէ ան պիտի շարունակէ նախկին քաղաքականութիւնը վարել: «Ես անձամբ ճանաչում եմ եւ վարչապետին, եւ կառավարութեան անդամներից շատերին, ու գիտեմ, որ նրանք արժեւորում են իրենց կենսագրութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացում ունեն: Դրա համար էլ յայտարարել էի, որ աւելի լաւ է նոր ծրագրում քիչ գրեն, բայց եւ շատ բան անեն: Իսկ արուած գործը միայն մէկ արդիւնքով պէտք է գնահատել՝ դադարեցուե՞լ է Հայաստանի արիւնահոսութիւնը՝ արտագաղթը, թէ ոչ: Կամ թէկուզ դանդաղել է։ Շատ ուզում եմ, որ նրանք չձախողեն, որովհետեւ եթէ ձախողեն, երկրի ճգնաժամը կը խորանայ, ինչը մենք չենք ուզում, որովհետեւ ձախողումների հետեւանքները կրում են բոլորը: Մենք այսօր ապրում ենք մի երկրում, որն արիւնահոսում է, ձախողման չափանիշները կապուած են լինելու արտագաղթի տեմպերի հետ, եթէ անգամ չխօսենք հայրենադարձութեան մասին: Օբյեկտիւ գնահատողը հասարակութիւնն է, եթէ արտագաղթի դինամիկան չփոխուի, ուրեմն ամէն ինչ նոյնն է մնալու եւ կառավարութիւնը իսկապէս ստիպուած է լինելու հրաժարական տալ», նշեց դաշնակցական պատգամաւորը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչպէս կը մեկնաբանէ Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանի այն կանխատեսումը, թէ իշխանութիւնը այլեւս պաշար չունի, եւ վարչապետը ստիպուած պիտի ըլլայ շուտով իր հրաժարականը տալ՝ նշեց, որ նման գնահատականներ ու հարցեր միշտ ալ պիտի յառաջանան, քանի դեռ չի յստականար այն հարցումին պատասխանը, թէ ինչո՛ւ հրաժարական տուաւ նախկին վարչապետը:
«Քանի դեռ չկայ յստակ պատասխան, թէ ինչու հրաժարական տուեց նախորդ կառավարութիւնը, բոլոր հարցերը մնալու են օդում կախուած, եթէ պատճառը վեր չի հանւում, անորոշութիւններ մնալու են եւ նման հարցեր առաջ են գալու», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ նոր կառավարութեան առնչուող յոյսերը մարեցան, երբ ներկայացուեցաւ կառավարութեան ծրագիրը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ