«Հայաստան» հիմնադրամը շարք մը ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Տաւուշի Խաչարձան, Լուսաձոր եւ Դիտաւան Համայնքներուն մէջ

By Asbarez | Friday, 23 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէ, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներէ, բարերարներէ եւ աշխատակիցներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը 23 Մայիսին հաշուետու այցելութիւն տուած է Տաւուշի մարզի Խաչարձան, Լուսաձոր եւ Դիտաւան գիւղեր: Հիմնադրամի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ 400 բնակիչ ունեցող Խաչարձանի մէջ կառուցուած է բժշկական կեդրոն եւ բազմաթիւ գործածութիւններու յատուկ սրահ՝ արժանթինահայ բարերար Կալչիյեաններու ընտանիքին հովանաւորութեամբ: Նորակառոյց կեդրոնը կահաւորուած եւ համալրուած է խոհանոցային սարքաւորումներով: «Այսուհետ միայն ծայրայեղ անհրաժեշտութեան դէպքերում կարիք կը լինի հասնել շրջկենտրոն», ըսածէ համայնքի ղեկավար Գագիկ Շահնազարեան:


Գիւղապետին համաձայն՝ համայնքի հիմնական խնդիրներէն կը շարունակէ մնալ ըմպելի ջուրի հարցը: Լուսաձոր գիւղին մէջ Ֆրանսայի տեղական մարմինի ֆինանսաւորումով հիմնուած է անասնապահական կեդրոն, որուն նուիրաբերուած է Զուիցերիայէն ու Դանիայէն բերուած 180 տոհմային կով: Հիմնադրամի՝ գիւղերու զարգացման ծրագիրի ծիրին մէջ, Իտալիոյ կառավարութեան ֆինանսաւորումով ՄԱԿի զարգացման ծրագիրը համայնքին մէջ իրականացուցած է ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի, ինչպէս նաեւ համայնքային կեդրոնի կառուցման ծրագիրներ: Համայնքը ունի 700 բնակիչ:


Դիտաւանի մէջ Կալչիյեան ընտանիքի ֆինանսաւորմամբ գիւղի 5 ընտանիքներուն համար կառուցուած են տնամերձ ջերմոցներ: Բնակիչ Հրաչ Ալիխանեան պատմած է, որ առաջին տարին է, որ իր ջերմոցը կ՛աշխատի: Լոլիկ, լուբիա, սխտոր, ելակ ու կանաչի ցանած է, շուտով առաջին բերքը պիտի ստանայ:
300 բնակիչ ունեցող Դիտաւան համայնքը, շնորհիւ Հիմնադրամի արժանթինահայ բարերարներ Արմէն եւ Նատիա Էքսերճիեաններու շարունակական աջակցութեան, այսօր ունի ըմպելի ջուր, կազ, համայնքային կեդրոն եւ դպրոց:


comments