By Asbarez | Friday, 23 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յատկացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն առնչուող լուսանկարներու բացառիկ եւ հարուստ հաւաքածոյ: Շուրջ 450 բնօրինակ լուսանկարներու հաւաքածոն նուիրած են յունահայ Խանիկեան ընտանիքի ժառանգորդները՝ կարեւոր նկատելով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանումը եւ փոխանցումը սերունդներուն:
Լուսանկարներու հաւաքածոն կը ներառէ Օսմանեան կայսրութեան, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ որբանոցներուն, որբերու կեանքին, Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի որբախնամ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան առանձին դրուագներու առնչուող լուսանկարներ: Լուսանկարներու մեծ մասին ետեւի կողմը առկայ են չափազանց կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդող գրութիւններ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախօրէին այս հաւաքածուի ձեռքբերումը ոչ միայն խորհրդանշական, այլ նաեւ բացառիկ իրադարձութիւն է մեր թանգարանի համար, եւ այս լուսանկարներն իրենց ուրոյն տեղը կը գտնեն 2015 թուականի Ապրիլին բացուող թանգարանային նոր ցուցադրութիւնում: Լուսանկարների մէջ իր կարեւորութեամբ առանձնանում է, ի հարկէ, երիտթուրք պարագլուխ Իսմայիլ Հաքքի բէյի՝ անգլիացի զինուորականների կողմից ձերբակալութեան լուսանկարի բնօրինակը», յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը այս եզակի հաւաքածոն ձեռք բերելու համար իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեանին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ