ՀՅԴ–ՍԴՀԿ Հայատանեան մարմիններու հանդիպում

By Asbarez | Tuesday, 27 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 27 Մայիսին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Գերագոյն մարմինի եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:


Հանդիպման կը մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, Գերագոյն մարմինի անդամներ Աղուան Վարդանեանն ու Լիլիթ Գալստեանը, ՍԴՀԿ Հայաստանի վարչութեան ատենապետ Նարեկ Գալստեանը, վարչութեան անդամներ Վազգէն Մեսրոպեանը, Դմիտրի Մարտիրոսեանը, Վարազդատ Եղիազարեանը: Հանդիպման մասնակիցները քննարկեցին երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքի խնդիրները:

ՀՅԴ ԳՄ անդամ Աղուան Վարդանեան նախ նշեց, որ, ցաւօք, վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ աւանդական կուսակցութիւններուն վիճակը բարւոք չէ, եւ ընդամէնը քանի մը միացեալ յայտարարութիւն կատարուած է։

Կողմերը կարեւոր նկատեցին հետագայ հանդիպումները, նաեւ երրորդ աւանդական կուսակցութեան հետ համատեղ: «Մենք ձեր աչքի առաջ ենք», ըսաւ Աղուան Վարդանան:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ատենապետ Նարեկ Գալստեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, իրօք, բոլորին համար յստակ է, եւ իրենք շատ բարձր կը գնահատեն ՀՅԴ խմբակցութեան գործունէութիւնը Ազգային ժողովին մէջ:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան համար, ըստ Նարեկ Գալստեանի, անհասկնալի է քառեակին ձեւաչափը: Փարատելու համար կուսակցութեան կասկածները եւ ամէն ինչ յստակ դարձնելու համար Աղուան Վարդանեան նախ ընդգծեց, որ կը հասկնայ մտահոգութիւնները, բայց եւ այնպէս ան վստահեցուց, որ քառեակի ձեւաչափը գործօն է: «Դրւում է կոնկրէտ խնդիր, միասնական դիրքորոշման դէպքում այն դառնում է գործողութիւն», յայտնեց ան։

Անդրադառնալով խորհրդարանական կառավարման համակարգին՝ երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անգամ մը եւս յայտնեցին իրենց կարծիքը, որ կողմ են այդ համակարգին:

Խօսուեցաւ նաեւ ՀՅԴի եօթը յայտնի կէտերուն մասին:

Նարեկ Գալստեան նշեց, որ բազմաթիւ հարցերու մէջ կարծիքները համահունչ են: ՀՅԴ ներկայացուցիչները նշեցին, որ այստեղ հեղինակային իրաւունքի խնդիր չկայ, եւ ամէն ինչ կը կատարուի յանուն Հայաստանի։


comments