By Asbarez | Tuesday, 27 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 Մայիսին հանդիպում ունեցած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ: Անոնք քննարկած են պետութեան եւ հայոց եկեղեցիներուն միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքին եւ Սփիւռքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են հայոց ազգային կեանքին մէջ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հայապահպանման կարեւոր դերակատարութեան ու համահայկական խնդիրներու լուծման իմաստով նուիրապետական աթոռներուն, թեմերուն եւ կառոյցներուն ամէնօրեայ ջանքերուն: Կարեւոր նկատուած է նաեւ Հայ առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու մասնակցութիւնը՝ Հայաստանի նախագահին գլխաւորութեամբ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, շեշտը դրուած է այդ ուղղութեամբ եւ ընդհանրապէս համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման իմաստով հայոց եկեղեցիներու կողմէ Սփիւռքի մէջ, միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ կատարուող կարեւոր աշխատանքին վրայ:
Հոգեւոր պետերը նախագահին հետ քննարկած են նաեւ սուրիական ճգնաժամին պատճառով այդ երկրին մէջ ծանր կացութեան մէջ գտնուող հայորդիներուն ներկայ վիճակին եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութեան առնչուած հարցեր:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան բարօրութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարեւոր գրաւական է, եւ այսուհետեւ եւս պէտք է շարունակել ու առաւել արդիւնաւէտ դարձնել ջանքերու համադրումը՝ ազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Մինչ այդ, 26 Մայիսին Հայաստան հասած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ՝ Տրդատայ կամարին առջեւ, դիմաւորուած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ:
Մայր Աթոռի միաբաններուն ընկերակցութեամբ հոգեւոր պետերը մտած են եկեղեցի. այս առիթով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ, հակառակ ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցի, առիթ պիտի ունենան իրենց հայրապետական պատգամներն ու օրհնութիւնը փոխանցելու հայորդիներուն՝ կոչ ուղղելով միաբանութեան եւ հայրենանուէր ծառայութեան եւ մաղթելով, որ հայ ժողովուրդին ընթացքը միշտ ըլլայ յաղթական՝ ի նպաստ խաղաղ ու անդորր կեանքի ապահովման:
Իր կարգին Արամ Ա. կաթողիկոս ուրախութիւն յայտնած է Մայր աթոռին մէջ գտնուելու համար՝ իբրեւ առիթ ծառայական ուխտի վերանորոգման եւ հաւատքի ամրապնդման:
Ան անդրադարձած է նաեւ հայ եկեղեցականներու ծառայութեան՝ հանդէպ հայրենիքին ու ժողովուրդին եւ ընդգծած է. «Մայր հայրենիքը սրբազան հաւատքի տունն է, եւ պատմութեան ընթացքին մեր ժողովուրդը իր արիւնը թափած է հայրենիքի համար: Հայրենիքի պաշտպանութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը մեզի համար գերագոյն արժէքներ են: Այսօր մենք կոչուած ենք Հայաստանի անկախութիւնը աւելի զօրացնելու, ինչ որ աւելի մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ: Մենք բոլորս՝ որպէս հայ եկեղեցւոյ սպասաւորներ, որպէս հայ եկեղեցի, հայ հոգեւորականներ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի կոչուած ենք հայրենաշինութեան նուիրական գործին»:
Արարողութիւնը վերջ գտած է կաթողիկոսներուն միասնական աղօթքով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ