100ամեակի կարգախօս՝ «Յիշում Եմ Եւ Պահանջում», Խորհրդանիշը՝ անմոռուկ ծաղիկը

By Asbarez | Tuesday, 27 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի համայն հայութեան կարգախօս ընտրուած է «Յիշում եմ եւ պահանջում», իսկ խորհրդանիշը Անմոռուկ ծաղիկն է: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն աշխատանքները համակարգող Վիգէն Սարգսեան: «Ընտրուած կարգախօսը յատուկ ընդգծուած ու անհատականացուած է, որպէսզի ամէն մէկս արտասանելով այն յիշենք մեր ընտանիքի պատմութիւնը, մեր վերապրած ողբերգութեան պատմութիւնը, եւ այն պահանջը, որը տեսնում ենք այս համատեքստում, ներկայացնենք համայն աշխարհին», ըսած է ան։


Անոր համաձայն՝ յանձնաժողովին կողմէ կազմուած աշխատանքային խումբը երկու հանգրուանով մրցում կազմակերպած է եւ ընտրած նաեւ 2015ի խորհրդանիշը:
«Աշխատանքային խմբի դատին էին ներկայացուել տասնեակ աշխատանքներ, որոնցից յանձնախումբը որոշել եւ հաստատել է «Շարմ» ընկերութեան ներկայացրած խորհրդանիշը՝ Անմոռուկ ծաղիկը: Այն բոլոր լեզուներում ունի նոյն բովանդակային իմաստը՝ յիշելու, չմոռանալու եւ յիշեցնելու: Ծաղիկի մէջտեղում գրաֆիկական ձեւով պատկերուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի 12 մոյթերի տեսարանը», նշած է Վիգէն Սարգսեանը՝ աւելցնելով, որ անիկա պիտի օգտագործուի 2015ին։
Ընտրուած գոյները, ըստ անոր, անցեալի, Ցեղասպանութեան ողբերգութեան եւ ներկայի ու ապագայի խորհուրդը կը ցոլացնեն: «Ծաղկի հինգ թերթիկները այն հինգ մայրցամաքներն են, որտեղ հայ գաղթականները յայտնուեցին՝ ստեղծելով հայկական համայնքներ, ձեւաւորեցին հայկական Սփիւռք», բացատրած է Վիգէն Սարգսեան:

Անոր համաձայն՝ շատ տպաւորիչ նախաձեռնութիւններու ծրագիր կը պատրաստուի։ «Մենք ամենախոշոր ու յայտնի հարթակներում, տարբեր մայրաքաղաքների մայր տաճարներում, լաւագոյն ցուցասրահներում տեսնելու ենք ցուցադրութիւններ, որոնք ուղղուած են լինելու ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը ոգեկոչելուն, այնպէս էլ մեծարելու եւ յարգանք մատուցելու նրանց, վերապրելու այն գաղափարը, որ մեր պապերը դրեցին ազգի վերածնունդի հիմքում», աւելցուցած է ան։

Վիգէն Սարգսեան լրագրողներուն ուշադրութեան յանձնած է այն, որ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը 2015ին պիտի կատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի սրբադասման արարողութիւնը եւ Միւռոնօրհնէք:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement