By Asbarez | Tuesday, 27 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշի ուշով կը հետեւի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ստեղծուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն:
Յանձնաժողովին մաս կը կազմեն կառավարութեան անդամներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական Սփիւռքի անուանի դէմքեր:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Ապրիլ 23ի ուղերձին՝ Տաւութօղլու նշած է, որ այդ ուղերձը կ՛արտացոլացնէ Թուրքիոյ ռազմավարութիւնը «1915 թուականի դէպքեր»ուն վերաբերեալ:
Ան կրկին յիշեցուցած է համատեղ պատմական յանձնաժողով մը ստեղծելու իրենց առաջարկը եւ ընդգծած է, որ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց մշակած ռազմավարութեան ծիրին մէջ՝ իրենք կը շարունակեն աշխատաք տանիլ թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ անկէ դուրս:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ