Մեր Գործը Պիտի Ըլլայ Ազգովին Զգաստութեան Հրաւիրել Նախագահը

By Asbarez | Monday, 14 September 2009

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ներկայ քաղաքական պահը գնահատելու եւ մեր ընելիքներուն մասին «Ասպարէզ» հարցումով մը դիմեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Ա. Յովսէփեանի:

<<«Այն ինչին, որ ականատես կը դառնանք այսօր, բացարձակապէս անընդունելի է եւ պէտք է արժանանայ հայ ազգի միահամուր հակազդեցութեան: Սերժ Սարգսեանի առաջնորդութեամբ կատարուած փորձը՝ իբրեւ թէ հայ եւ թուրք յարաբերութիւնները բարելաւելու ձգտող, ընդհակառակն, ապագայի նորանոր բարդութիւններու դուռ կը բանայ>>, յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Դոկտ. Յովսէփեան նաեւ փոխանցեց հետեւեալը.

<<Կատարուածը խակութիւն է, կատարուածը թակարդ տանող է, կատարուածը բարոյականօրէն եւ քաղաքականօրէն սնանկացած քայլ մըն է, որ կրնայ շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալ մեր երկրի անվտանգութեան եւ մեր ազգի վերելքին գծով:

<<Մեր գործը պիտի ըլլայ ազգովին զգաստութեան հրաւիրել նախագահը եւ իր շրջապատը, ու խորտակել այս գործընթացը:

<<Հետեւաբար, կը մնայ որ իւրաքանչիւր հայ մարդ, իւրաքանչիւր հայկական կազմակերպութիւն կամ միութիւն, իր խօսքը ըսէ եւ իր վերաբերմունքը արտայայտէ այս եղածին գծով, որպէսզի միահամուր ճիգերով կասեցնենք այս արշաւը, որ միայն Թուրքիոյ առաւելութիւններ մատուցելու հաշւոյն կը կատարուի:

<<Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ բողոքի ալիքը պէտք է բարձրացնել՝ յանուն մեր սերունդներու իրաւունքներուն եւ մեր ազգի գերագոյն շահերուն>>:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement