ԵՐԵՒԱՆ, «Հայկական Ժամանակ».– ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեկի օրը Սերժ Սարգսեանի կողմէ Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած Հայաստան այցելելու հրաւէրին եւ այդ առնչութեամբ թրքական պաշտօնական լռութեան՝ ըսած է, թէ հաւանական է, որ Թուրքիոյ կողմէ այդ հրաւէրը անարձագանգ մնայ: «Չեմ զարմանայ, եթէ Թուրքիան ընդհանրապէս անտեսի այս հրաւէրը այնպէս, ինչպէս անտեսել էր 2005 թուականի Հայաստանի այն ժամանակուայ նախագահի պատասխանը՝ պատմաբանների յանձնաժողով կազմելու իրենց առաջարկին: Թուրքերը դրանից յետոյ երեք տարի անընդհատ ասում էին, որ Հայաստանը մեր առաջարկին չի պատասխանել, մինչդեռ իրականում Հայաստանը պատասխանել էր, բայց իրենց ուզած պատասխանը չէր: Հիմա էլ կարող են անտեսել այս հրաւէրը, քանի որ դա իրենց սրտով չէ», դիտել տուած է Կիրօ Մանոյեան:
Խօսելով Թուրքիոյ հրաւէր ուղղելու մասին՝ Կ. Մանոյեան նկատել տուած է, որ հայկական կողմը այսպիսով մարտահրաւէր կ՛ուղղէ Թուրքիոյ. «Սա ֆուտբոլ նայելու հրաւէր չէ, այլ քաղաքական ենթատեքստով յստակ ասւում է, որ եթէ իսկապէս ուզում էք ճանաչել պատմութիւնը, եկէք տեսէք, թէ Հայաստանում ժողովուրդը Ապրիլի 24ին ինչպէս է իր յարգանքը մատուցում: Եւ այդ իմաստով՝ դա մարտահրաւէր է, քան հրաւէր», ըսած է Կիրօ Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ ասիկա Էրտողանի 23 Ապրիլի ուղերձին պատասխանն է:
«Հայաստանի այս ընտրած վերջին կեցուածքը Թուրքիայի այդ կեղծ ցաւակցութիւնը բացայայտելուն է ուղղուած, ուստի այն նոյն շրջանակները, ովքեր Էրդողանի կեղծ յայտարարութեամբ խանդավառուել էին, պարզ է, որ հիմա դրական չեն արձագանգի, բայց որ ուղերձը ստացել են, դա հաստատ է», նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն: