Պաշտօնական մասնակցութեամբ՝ Սարդարապատի մէջ նշուեցաւ անկախութեան 96ամեակը

By Asbarez | Thursday, 29 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 Մայիսին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ մասնակցած է Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան:


Անոնք ծաղկեպսակներ զետեղած են Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած են: Կատարուած է Պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթ եւ մշակութային հանդիսութիւն:


Սերժ Սարգսեան այս առիթով անդրադառնալով Մայիս 28ի արժէքին՝ ըսած է. «Այն կոչուած էր պատերազմի ու ցեղասպանութեան, սովի ու համաճարակների, գաղթականութեան եւ յուսահատութեան հովիտը՝ Հայաստանը, դարձնելու ազատ, անկախ, բարեշէն եւ ժողովրդավար երկիր: Այսօր մենք կանգնած ենք Սարդարապատում եւ գլուխ ենք խոնարհում Հայաստանի վերջին հողակտորը պաշտպանած եւ հայութեան վերջին բեկորներին փրկած նահատակների յիշատակի առաջ: Եթէ մայիսեան հերոսամարտերում եւ մանաւանդ Սարդարապատում հայերը պար-տուէին, ապա թուրքական զօրքերն անարգել մտնում էին Էջմիածին եւ Երեւան: Եթէ այդքանից յետոյ աշխարհի երեսին մնար հայ պատմաբան, ապա նա առանց մեծ դժուարութեան կարող էր հիմնաւորել, որ հայերի յաղթանակը օբյեկտիւօրէն անհնար էր: Բոլոր փաստերը եւ ողջ իրականութիւնը կարծես մեր դէմ էին, բայց մենք փրկուեցինք այստեղ: Ինքներս վաստակեցինք ապրելու եւ միջազգային քաղաքական ասպարէզ վերադառնալու իրաւունքը: Եւ դա արել է հայութեան բոլոր ժամանակների ամենաողբերգական, բայց միաժամանակ ամենահերոսական սերունդը: Յաւերժ փա՛ռք եւ խոնարհո՛ւմ բոլոր անուանի եւ անանուն հերոսների պայծառ յիշատակին»:

Տօնակատարութենէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան, ուր տեղի ունեցած է Հանրապետութեան տօնին նուիրուած պարգեւատրման արարողութիւն:

Նախագահին հրամանագիրներով Հանրապետութեան տօնին առթիւ պետական պարգեւներ եւ կոչումներ տրուած են գիտութեան, կրթութեան, տնտեսութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի ոլորտներու, արուեստի ու մարմնակրթութեան բնագաւառներու, Սփիւռքի կարգ մը ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ բանակի խումբ մը զինուորներու:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement