«Որեւէ իշխանութիւն չի համաձայնի Եւրասիական Միութեան անդամակցութեանն առանց Ղարաբաղի». Արմէն Ռուստամեան

By Asbarez | Friday, 30 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– 30 Մայիսին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ խօսելով Աստանայի մէջ 29 Մայիսին կայացած չորս երկիրներու հանդիպման եւ Հայաստանի առնչուած Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի կատարած յայտարարութեան մասին՝ նշեց, որ որեւէ անակնկալ չի տեսեր այդ քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ, եւ ակնյայտ էր, որ Ղազախստանը հանդէս պիտի գար որպէս Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերու պաշտպան՝ կատարելով համապատասխան լոպիինկ, որովհետեւ Նազարպաեւը նախապէս ալ քանի մը առիթ տուած է այդպէս կարծելու:


Անոր համաձայն՝ Ատրպէյճան դուրս է համարկման այդ գործընթացներէն, եւ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի Հայաստան չկարողանայ ամրագրել իր դիրքերը Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ: «Բնականաբար, հիմնական հարցն այստեղ Ղարաբաղի հարցն է, եւ երբ ասում էինք, որ «կամ, կա՛մ»ի հարց է դրւում, ուրեմն պէտք է առաջնորդուես՝ քո կենսական անհրաժեշտութիւնից ելնելով: Սպասելի էր, որ այս հարցն առաջանալու է, ու Ադրբեջանը փորձելու է այս անդամակցութեան միջոցով, Ղարաբաղի կարգաւորման հետ կապուած, իր համար նպաստաւոր պայմաններ ստանալ:

Անընդունելի են այն քննարկումները, որոնք կատարւում են երրորդ, չորրորդ կողմերից ստացուող նամակների հիման վրայ, դա բացարձակապէս չի տեղաւորւում միջազգային պրակտիկայի նորմերի մէջ, երբ խօսքը գնում է կոնկրետ երկրների միջեւ յարաբերութիւնների մասին, բայց ինչ որ մէկը դրսից նամակ է ուղարկում, որը պէտք է ազդի այդ քննարկման վրայ, երբ գիտենք, որ այդ մէկն աղաւաղուած ու ոչ ադեկուատ է ներկայացնում Ղարաբաղի հակամարտութիւնը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Անոր համաձայն՝ բոլոր փաստաթուղթերը, որոնց յղում կը կատարէ Ատրպէյճան, բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան: ՄԱԿի անդամակցութեան առնչութեամբ բազմիցս ըսուած է, որ չկայ այդպիսի ձեւակերպում, որ ՄԱԿը ճանչցած է սահմանները, բայց իրենք կը շարունակեն այդ առնչութեամբ իրենց պնդումները: Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան պայմաններուն առնչութեամբ Ա. Ռուստամեան դիտել տուած է, որ եթէ պիտի շարժինք Ալիեւի տրամաբանութեամբ, ապա վաղուց Հայաստանի ու Արցախի միջեւ պէտք է մաքսակէտ դրուած ըլլար: «Մենք խնդիր ունենք պատրաստուելու եւ շատ աւելի ամբողջական, լիարժէք կարողանանք Արցախի հարցը պաշտպանել, թոյլ չտանք, որ Արցախի հակամարտութիւնը նենգափոխուի, եւ հիմա էլ դա կատարի Ղազախստանը՝ Ադրբեջանի կամ Թուրքիայի թելադրանքով», նշեց պատգամաւորը:

Ըստ անոր՝ միւս կողմէ ալ վատ չէ, որ ներկայացած է առիթ, որ այս ձեւաչափով քննարկուի Ղարաբաղի հարցը, եթէ կ՛ուզեն խոր քննարկում կատարել այս հարցով, թող յառաջանայ այլ նոր հարթակ մը, ուր Հայաստան կրնայ ներկայացնել իր փաստարկները: «Ողբերգական կամ զարմանալի բան չեմ տեսնում, պէտք է հասկանանք, որ արտաքին քաղաքականութիւնը յագեցած է այդպիսի իրավիճակներով, երբ դու պէտք է պատրաստ լինես ամէն պահի մտնելու խորքային քննարկումների մէջ, եթէ աշխարհաքաղաքական շահերը այդ գործընթացի մէջ ներգրաւուած են», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանը նաեւ պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը օր մը պիտի դառնայ աւելի լուրջ համագործակցութեան կառոյց, եւ Հայաստան պէտք է առաջնորդուի իր անմիջական շահերը պաշտպանելու տրամաբանութեամբ, հակառակ պարագային, որեւէ միութեան մէջ մտնելը ո՛չ ինքնանպատակ, ո՛չ ալ պարտաւորեցնող այնպիսի քայլ է, որ ամէն ինչ պէտք է կորսնցնենք որեւէ միութեան անդամակցելու համար։

«Բոլորն էլ պէտք է հասկանան, որ ստիպել Հայաստանին, անդամակցութեան փաստը օգտագործելով, հրաժարուել իր կենսական նշանակութիւն ունեցող շահերից ու նպատակներից, դա բացառուած է: Եթէ խիստ դրուի հարցը, անկախ այն բանից՝ ինչ միութիւն է՝ ԵՄ է, թէ՝ ՄՄ, եթէ պատրաստ են Ղարաբաղը ճանաչել, մեր պայքարի ճշմարտացիութիւնը ճանաչել, մենք կը մտնենք այդ միութեան մէջ», ըսաւ պատգամաւորը:

Նոյն նիւթին մասին «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հաստատեց, որ ինչ ալ ըլլան իրադարձութիւնները, Դաշնակցութեան համար ակնյայտ է մէկ բան՝ Հայաստանի այլ կառուցներու միանալը չի կրնար որեւէ ձեւով փոխել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միասնական տնտեսական տարածքի այսօրուան իրավիճակը, եւ չի կրնար Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ որեւէ պատնէշներ դրուիլ: «Սա պէտք է շատ յստակ ասեն Հայաստանի իշխանութիւնները, եւ մեր հասարակութիւնը պէտք է վստահ լինի, որ ՄՄին եւ այլնին միանալը որեւէ կերպ չի փոխելու միասնական տնտեսական տարածքի առկայ իրավիճակը», ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը:

Իսկ նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի յայտարարութեան անդրադառնալով՝ ան նշեց. «Չէ՞ որ չափազանց կարեւոր է, որ մենք կարողանանք մեր շահերը պաշտպանել, եւ ցանկացած բազմակողմ պայմանագրի դէպքում էլ Հայաստանը պէտք է կարողանայ իր եւ Արցախի շահերը միշտ եւ մինչեւ վերջ պաշտպանել»։
Անդրադառնալով Նազարպաեւի բերած «փաստերուն», ան նշեց, որ այդ մասին արդէն խօսուած է, այդ հիմնաւորումները, բնականաբար, հող չունին, իսկ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան միանալը որեւէ ձեւով անդրադարձ չէ ունեցած Հայաստան-Արցախ միասնական տնտեսական տարածքին վրայ, եւ որեւէ սահմանափակում չէ դրուած այդտեղ։ «Այլ բան է, որ այս մասին հիմա բարձրաձայնւում է Աստանայում՝ Նազարբաեւի կողմից, բայց ես կարծում եմ, որ մեր իշխանութիւնները պէտք է ամէն ինչ անեն, որ ակնյայտ յստակ լինի՝ որեւէ բաժանում Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ չի կարող լինել», եզրափակեց Աղուան Վարդանեան:


comments

Advertisement