By Asbarez | Friday, 30 May 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Նախագահ Սերժ Սարգսեանը մօտ օրէն պիտի անդրադառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցելու գործընթացներուն վերաբերեալ հարցերուն։ Այս մասին ըսած է նախագահի մամլոյ քարտուղար Արման Սաղաթելեանը՝ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի համապատասխան հարցումին։
«Ազատութեան» թղթակիցը հարցուցած է. «Ո՞րն է Հայաստանի պաշտօնական արձագանգը Մայիսի 29ին Աստանայում՝ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհրդի ընդլայնուած նիստի ժամանակ, Ղազախստանի նախագահի հնչեցրած այն յայտարարութեանը, թէ Հայաստանը կառոյցին պէտք է անդամակցի ՄԱԿի կողմից ճանաչուած սահմաններով, այսինքն՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի, եւ պատրա՞ստ է արդեօք պաշտօնական Երեւանը շարունակել անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները ու անդամակցել՝ այդ նախապայմանով»։ Արման Սաղաթելեան պատասխանած է. «Ձեր նշած հարցերի վերաբերեալ արդէն իսկ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ են հնչել տարբեր պաշտօնատար անձանց կողմից: Ինչ վերաբերում է Եւրասիական տնտեսական միութեանը Հայաստանի անդամակցելու գործընթացների վերաբերեալ այլ հարցերին, ապա տեղեկացնեմ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը մօտ օրերս առիթ կ՛ունենայ դրանց անդրադառնալու»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ