Եւրոմիութիւնը 25 միլիոն եուրօ պիտի տրամադրէ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտին

By Asbarez | Friday, 30 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Եւրոմիութիւնը 25 միլիոն եուրօ պիտի տրամադրէ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման համար. անոր 20 միլիոնը պիտի տրամադրուի որպէս պիւտճէական աջակցութիւն, իսկ 5 միլիոնը՝ թեքնիք աջակցութիւն:


«Կայունութիւնից դէպի զարգացում» խորագիրով աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին այս մասին յայտնած է Եւրոմիութեան հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Թրայեան Հրիսթէան: Ան յոյս յայտնած է, որ Եւրոմիութեան կողմէ ֆինանսաւորուող ծրագիրները կը նպաստեն գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացման: «Գիւղատնտեսութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան հիմնական ճիւղերէն մէկն է: Այդ պատճառով ալ ողջունելի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրեց գիւղատնտեսութեան կայուն զարգացման ռազմավարութիւնը: Յատկապէս կարեւոր է կիներուն դերը ոլորտի զարգացման մէջ, քանի որ գիւղական բնակավայրերէն տղամարդիկ յաճախ կը մեկնին արտասահման՝ աշխատելու, իսկ կիները կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ», դիտել տուած է ան։


Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան եւս շեշտը դրած է գիւղատնտեսութեան զարգացման անհրաժեշտութեան վրայ՝ նշելով, որ երկրի բարեկեցութիւնն ու յառաջընթացը անկարելի է առանց զարգացած գիւղատնտեսութեան : «Դրա համար առաջիկայ տարիներին մենք ներդնելու ենք մեր գիտելիքները, որ տեսանելի առաջընթացի հասնենք այս ոլորտում: Գիւղատնտեսութիւնը մեզ համար միայն տնտեսութեան ճիւղ չէ, այլեւ բնակչութեան համաչափ զարգացման, զբաղուածութեան ապահովման եւ այլ կարեւոր գործառոյթներ ունի», ըսած է Գէորգեան:


comments