Արցախը Կ՛ողջունէ Ուրուկուէյի Յայտարարութիւնը

By Asbarez | Sunday, 18 September 2011

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ստեփանակերտը կ՛ողջունէ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին՝ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու ցանկութեան մասին յայտարարութիւնը: Այս մասին ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Պապայեան:

«Մենք կ՛ողջունենք մեր ինքնիշխանութիւնը ճանչնալու Ուրուկուէյի ցանկութիւնը… Ալմակրոյի խօսքերը չեն նշանակեր անկախութեան ինքնաբերաբար ճանաչում, սակայն կը նշանակեն, որ միջազգային հանրութիւնը լուրջ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման միջազգային գործընթացին», ըսած է Պապայեան:

Դաւիթ Պապայեանի կարծիքով, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը երկու հետեւանք կրնայ ունենալ: Առաջին, Ատրպէյճան ու Թուրքիա իրարանցում կը փորձեն ստեղծել, միաժամանակ միջազգային ճնշում բանեցնելով Ուրուկուէյի վրայ, իսկ երկրորդ, միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի երկիրները, աւելի լրջութեամբ կը սկսին մօտենալու ղարաբաղեան հիմնախնդիրին:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ աննախադէպ յայտարարութիւն մը կատարած էր ղարաբաղեան հիմնախնդիրին առնչութեամբ, Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին: «Այսօր մենք կ՛ուսումնասիրենք հարցը՝ պետականօրէն տեսակէտ յայտնելու համար, սակայն ես անձամբ համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Պատմական Հայաստանի մաս կը կազմէ եւ պէտք է ըլլայ անկախ կամ կարճ ժամանակի ընթացքին կցուի Հայաստանին: Սա՛ է Արցախի խնդիրին միակ լուծումը», ըսած էր Ալմակրօ:

comments

Advertisement