ՀՅԴն Ու Ժառանգութիւնը Կը Պահանջեն Արձանագրութիւններու Հարցով Դիմել ՀՀ Նախագահին

By Հենարան | Sunday, 18 September 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Հենարան».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13ին, մինչ Հայաստանի խորհրդարանի նիստի օրակարգին անցնիլը, ՀՅԴի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան հարցումի մը համար ձայն խնդրեց եւ Ազգային ժողովի նախագահին դիմեց՝ առաջարկելով քննարկում կազմակերպել եւ դիմել հանրապետութեան նախագահին, գոնէ ԱԺի օրակարգէն հանելու համար հայ-թրքական արձանագրութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք արձանագրութիւնները դուրս մնացած էին Թուրքիոյ նոր խորհրդարանի օրակարգէն:

«Պարոն Ռուստամեան, նախ այդ լիազօրութիւնն այսօր գտնւում է հանրապետութեան նախագահի տիրոյթում եւ Թուրքիայի օրակարգից դա չի հանուել, ուղղակի նոր պարլամենտ (խորհրդարան-Խմբ.) է ձեւաւորուել եւ բոլոր հարցերը, որ եղել են նախորդ պարլամենտի նստաշրջանում, դուրս են մնում: Իմ կարծիքով, հանրապետութեան նախագահն ուշադրութեամբ հետեւում է Թուրքիայում ընթացող քաղաքական գործընթացներին եւ մեզ առաջարկելու կամ նախագահին յուշելու անհրաժեշտութիւն ես չեմ տեսնում, եւ համոզուած եմ, որ այդ ընթացքում, եթէ Թուրքիայի

կառավարութիւնը նորից չառաջարկի օրակարգում ընդգրկել այդ հարցը, այն ժամանակ հանրապետութեան նախագահը շատ ճշգրիտ եւ ժամանակին որոշում կը կայացնի», արձագանգեց ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը:

ՀՅԴի պատգամաւորը բացատրեց, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի կանոնակարգով, այդ քայլը կը նշանակէ, որ այդ արձանագրութիւններն իրենց ուժը կորսնցուցած են, եւ որ արձանագրութիւնները օրակարգ մտնելու համար՝ նոր ընթացակարգով, նոր գործընթացի պէտք է նախաձեռնուի: «Դա պէտք է կատարի որեւէ պատգամաւոր, կամ կառավարութիւնը», նկատեց Արմէն Ռուստամեան ու աւելցուց, որ Թուրքիա այդ գործընթացը անգամ մը եւս կրնայ օգտագործել, քարոզչութիւն իրականացնելու համար:

«Ես չեմ կասկածում, որ նախագահը հետեւում է գործընթացին, բայց կողքից խորհուրդը չի խանգարի», եզրափակեց ՀՅԴի պատգամաւորը:

Յովիկ Աբրահամեանը, ի պատասխան նշեց, որ միշտ պատրաստ է իւրաքանչիւր հարց քննարկելու, եթէ բոլոր խմբակցութիւնները որոշեն, որ հանրապետութեան նախագահին դիմելու անհրաժեշտութիւն կայ:

Ժառանգութիւն կուսակցութենէն պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան եւս այդ հարցին անդրադարձաւ ու նշեց, որ մտահոգիչ է հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանին մէջ պահելը, նոյնիսկ՝ կասեցուած վիճակով: Ան նշեց, որ ժամանակն է, որ խորհրդարանը յայտարարութեամբ հանդէս գայ, որպէսզի Հայաստանը ետ վերցնէ իր ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն:

Յովիկ Աբրահամեանն ըսաւ, որ կարելի է որոշ ժամանակ սպասել եւ եթէ Թուրքիոյ կողմէ քայլեր չ՛առնուին, այն ատեն կարելի է դիմել հանրապետութեան նախագահին: «Իմ կարծիքով, միջազգային կազմակերպութիւնները փորձելու են Թուրքիայի վրայ ճնշում գործադրել, որպէսզի նախագիծն օրակարգ մտնի», ըսաւ ԱԺ նախագահը:

Ժառանգութեան պատգամաւորը պատասխանեց, որ սպասելու ժամանակն անցած է արդէն:

comments

Advertisement