By Asbarez | Tuesday, 03 June 2014

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Յունիսին այցելած է հանրապետութեան հարաւ–արեւելեան սահմանագիծ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած է պաշտպանական համակարգի ներկայ վիճակին:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնած են, թէ երկրի ղեկավարը «Արիութեան համար» եւ «Մարտական ծառայութիւն» մետալներ յանձնած է խումբ մը զինուորական ծառայողներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդին կատարած ոտնձգութիւնները կասեցնելու եւ արժանի հակահարուած հասցնելու համար:
Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ այուհետեւ եւս ամէն ինչ պիտի կատարուի՝ պետութեան սահմանները ամուր եւ անվտանգ պահելու համար:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ