
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ հրատարակչական գործունէութիւնը առաւել պիտի աշխուժանայ։ Գործընթացը պիտի կատարուի երեք ուղղութիւններով: Այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Ներսէս Տէր Վարդանեանը:
«2015 թուականին հրատարակուող գրքերում Հայոց Ցեղասպանութեան թեմատիկան առանձին ուղղութիւն է լինելու: Մենք ունենալու ենք երեք տեսակի հրատարակութիւններ: Նախ՝ հայերենից այլ լեզուներ են թարգմանուելու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր գրքեր, յատկապէս խրախուսուելու են արտերկրի հրատարակչութիւնների հրատարակութիւնները: Նախարարութիւնը կ՛աջակցի արտերկրեայ հրատարակչութիւններին: Երկրորդ՝ այլ լեզուներից հայերէն կը թարգմանուեն տարբեր գրքեր, եւ շեշտադրումը կը դրուի յատկապէս գեղարուեստական գրականութեան վրայ: Բացի այդ, նախատեսում ենք տարուայ ընթացքում վերահրատարակել Ցեղասպանութեան մասին արդէն կարծես դասական դարձած ստեղծագործութիւնները», նշեց փոխնախարարը:
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան եւս համոզուած է, որ 100ամեայ տարելիցը պէտք է նշել բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններով, եւ անոնք պիտի ըլլան ներկայանալի: «Սա մեր ցաւը, կորուստները քարոզելու ճանապարհ է», յայտնեց Միլիտոնեան։