By Asbarez | Tuesday, 03 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նի-ուզ».– Կ. Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի պարտադիր աճուրդին ընթացքին գնող չէ եղած: Այդ կը նշանակէ, որ աճուրդ չէ կայացած: Համալիրին ճակատագիրը պիտի վճռուի օրէնքով սահմանուած կարգով:
Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան «Դատական ակտերի հարկադիր կատարման ծառայութեան» մամլոյ քարտուղար Ռիմա Եգանեան «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Մայիսի 19ից ելեկտրոնային աճուրդի հանուած Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրը նորից աճուրդի է հանուելու, քանի որ 10օրեայ սահմանուած ժամկէտում այն գնելու ոչ մի յայտ չի եղել: Աճուրդն այսօր աւարտուել է, սակայն «Հրապարակային սակարկութիւնների մասին» Հայաստանի օրէնքի 35.4 յօդուածով նախատեսւում է երկրորդ եւ հետագայ հարկադիր ելեկտրոնային աճուրդների անցկացման կարգը, այն է՝ իւրաքանչիւր չկայացած աճուրդից յետոյ երրորդ աշխատանքային օրը դրւում է աճուրդի նախորդ աճուրդի՝ մեկնարկային գնից 10 տոկոս իջեցուած գնով»։
Մարզահամերգային համալիրին համար սկզբնական առաջարկը 19 միլիառ 350 միլիոն դրամ էր, նախավճարը՝ 967 միլիոն 500 հազար դրամ, առաջարկի քայլը՝ 100 հազար դրամ:
14 Ապրիլ 2014ին «Դատական ակտերի հարկադիր կատարման ծառայութեան» Երեւան քաղաքի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանին կողմէ հրապարակուած էր յայտարարագիր մը, որուն մէջ նշուած է. «Պէտք է Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրից յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել 10,207,755,909,51 Հայաստանի դրամ գումար՝ բռնագանձումը տարածելով գրաւի առարկայի՝ Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին սեփականութեան իրաւունքով պատկանող Ծիծեռնակաբերդի զբօսայգում գտնուող անշարժ գոյքի վրայ, իսկ գրաւի առարկայի անբաւարարութեան դէպքում՝ Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի սեփականութեան իրաւունքով պատկանող այլ գոյքերի վրայ»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ