Հայաստանի դեսպանները Արցախ կ՛այցելեն

By Asbarez | Monday, 02 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական ղեկավար կազմն ու Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները 31 Մայիսին այցելած են Ստեփանակերտ: Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն՝ հայաստանցի բարձրաստիճան դիւանագէտները ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:


Արցախի ղեկավարը ներկայացուցած է երկրի անվտանգութեան ամրապնդման ու ընկերային-տնտեսական զարգացման առնչութեամբ առնուող քայլերը:
Հանդիպման մասնակիցները անդրադարձած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին: Քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններու, արտերկրի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցչութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան հարցեր:

Նախագահ Սահակեան պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցերուն:

Հանդիպումէն առաջ նախագահ Սահակեան առանձնազրոյց ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:


comments