By Asbarez | Monday, 02 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 2 Յունիսին Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական ղեկավար կազմի եւ արտերկրի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ ու խօսած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի կարեւորագոյն հարցերուն մասին:
«Ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ աշխարհում անկայունութեան լուրջ միտումներ են նկատւում: Աճում են լարուածութիւնն ու անորոշութիւնը: Դա թելադրում է մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնների, արտգործնախարարութեան եւ շահագրգիռ այլ գերատեսչութիւնների գործունէութեան շարունակական կատարելագործում, միջգերատեսչական փոխգործակցութեան ամրապնդում: Դիւանագէտը պէտք է կարողանայ ճիշդ ուսումնասիրել, վերլուծել եւ գնահատել իրավիճակը, տալ զարգացման կանխատեսումներ եւ առաջարկել ազգային շահերից բխող լուծումներ: Մենք յաճախ ենք նշում, որ կարեւորագոյն ներուժը մարդկային կապիտալն է: Ուստի սպասողական դիրքորոշում որդեգրած, դէպքերին լոկ արձագանգող, գործից խուսափող դիւանագէտն անթոյլատրելի ճոխութիւն է մեզ նման պետութեան համար: Ձեզնից ակնկալում ենք ակտիւ ներգրաւում այն բոլոր տեղերում, որտեղ ուղղակիօրէն կամ միջնորդաւորուած շօշափւում են Հայաստանի եւ հայութեան շահերը», յայտնած է նախագահը։
Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի արդիական հարցերուն, շարք մը ուղղութիւններով արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարուած եւ յառաջիկայի աշխատանքներուն, Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներու իրականացման ընթացքին, առկայ մարտահրաւէրներուն, զանոնք դիմակայելու իմաստով արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պարտաւորութիւններուն: Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ գործընկեր երկիրներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման ներկայ մակարդակն ու խօսած է հեռանկարներուն մասին: Ան անդրադարձած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ձեւաչափով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ զինադադարի հաստատումէն քսան տարի ետք առկայ վիճակին: Նախագահը բանակցային գործընթացին մէջ ընդգծած է յատկապէս դիւանագիտութեան դերը եւ կարեւոր նկատած հանդիպման ներկայ դիւանագէտներէն իւրաքանչիւրին ամէնօրեայ հետեւողական աշխատանքը:
Սերժ Սարգսեան խօսած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախաշեմին համայն հայութեան ջանքերու համադրման եւ համակարգուած աշխատելու, այդ խնդիրին համապարփակ ու խորքային մօտեցում ցուցաբերելու եւ Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւնները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու անհրաժեշտութեան մասին:
Իր խօսքին մէջ նախագահը անդրադարձած է տարածաշրջանային խնդիրներուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Մաքսային միութեանն անդամակցելու գործընթացին եւ այդ պարագային՝ տնտեսական յարաբերութիւններուն:
Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է նաեւ սուրիական ճգնաժամի բոլոր վտանգներն ու հետեւանքները զգացած սուրիահայութեան նկատմամբ Հայաստանի կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը: Նախագահը առանձնակի կերպով արժեւորած է գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Գլխաւոր հիւպատոսութեան, որոնք պատերազմի ողջ ընթացքին գործօն աջակցութիւն ցուցաբերած են սուրիահայութեան նկատմամբ, եւ շնորհակալութիւն յայտնած է այդ երկրին մէջ աշխատող դիւանագէտներուն՝ խիզախ ու անձնուէր ծառայութեան համար:
Նախագահը խօսած է տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան ապահովման իմաստով Հայաստանի կողմէ առնուող աջակցութեան քայլերուն մասին՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը մնայուն կերպով եւ ամբողջովին կը կատարէ իր պարտականութիւնները՝ առաջնահերթ նկատելով դաշնակցային յարաբերութիւնները:
Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Եւրոպական միութեան հետ Հայաստանի փոխգործակցութիւնն ու եւրոպական պետութիւններու հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակական խորացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ աշխատանքները:
Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ օտար ներդրումներ ապահովելու համար անհրաժեշտ է աւելի ճանաչելի դարձնել հայաստանեան տնտեսութիւնը եւ ճիշդ կերպով ներկայացնել Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու առաւելութիւնները: Այս իմաստով, ըստ նախագահին, կարեւոր նշանակութիւն ունի Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան որոշումը:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ հիւպատոսական ծառայութիւններու որակին՝ ընդգծելով, որ հակառակ անոր որ հիւպատոսական ոլորտին մէջ վերջին տարիներուն կատարուած են կարեւոր բարեփոխումներ, բայց եւ այնպէս տակաւին շատ ընելիքներ կան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ