Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Է. Պատգամաւորական Ժողովի յայտարարութիւն

By Hamazkaine Press Release | Thursday, 05 June 2014



Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը իր Է. Պատգամաւորական Ժողովին բացումը կատարեց Երեւանի մէջ, 29 Մայիս 2014-ին, ներկայութեամբ 16 շրջաններ ներկայացնող պատգամաւորներու, Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարներուն, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ու արտակարգ դեսպանին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, ԵՊՀ-ի ռեկտորին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, ՀՕՄ-ի եւ «Արարատ» միութեան ներկայացուցիչներուն եւ հայրենի մտաւորականներու:

Իրերայաջորդ չորս օրերու վրայ երկարող 13 նիստերով ժողովը հանգամանօրէն քննեց նախ ընթացաւարտ Կերդոնական Վարչութեան քառամեայ բազմաճիւղ գործունէութիւնը, իր օրակարգին վրայ տեղ գտած կրթական եւ մշակութային նիւթերը, ապա անցաւ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար իր համահայկական գործունէութեան ծրագիրի մշակման:

Համազգայինի կազմակերպական վիճակը քննարկման ենթարկելով՝ ժողովը ծանրացաւ շարքերը երիտասարդացնելու, Համազգայինի ընտանիքին աշխարհագրական ընդարձակումի հրամայականին վրայ եւ առ այդ առաւ գործնական որոշումներ: Մշակութային եւ կրթական գործունէութեան ծիրէն ներս, իբրեւ մարդուժի բացառիկ աղբիւր՝ ժողովը շեշտեց Համազգայինի Ճեմարաններուն վերանորոգ դիմագիծ եւ աւելի լայն տարողութիւն տալու աշխատանքի կարեւորութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք կրթական եւ մշակութային գործակցութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, Համազգայինի Հիմնադրամներու Կառոյցի Մարմինի աշխատադաշտի ընդարձակման կարեւորութիւնը, հրատարակչատան գործունէութիւնը յաւելեալ ծաւալով յառաջ տանելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստան-Սփիւռք մշակութային եւ կրթական գործակցութեան ծիրէն ներս, ժողովը գնահատեց Համազգայինի հայաստանեան բեղուն գործունէութիւնը եւ որոշեց աւելի ընդարձակել անոր դաշտը:

Սուրիոյ ճգնաժամի հետեւանքով հոն բնակող հայ ժողովուրդի հատուածին կրած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կրթական, մշակութային եւ մանաւանդ ազգային վնասներուն անդրադառնալով՝ ժողովը որոշեց ամէն ձեւով զօրակցիլ սուրիահայութեան գոյատեւման ու վերականգնումի ճիգերուն:

Մեկնելով Համազգայինի աւելի քան ութ տասնամեակներու գործունէութենէն եւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» անսակարկելի առաջադրանքէն՝ ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտադրեց թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ Սփիւռքի բոլոր հայագաղութներուն մէջ գործօն ներկայութիւն ըլլալու ծառայական առաքելութիւնը:

Ժողովը ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագիրը, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի հետ ստորագրուած պայմանագիրը՝ հայագիտական մասնագիտացման ծրագիրի գծով:

Եզրափակելով իր աշխատանքները ժողովը կարեւոր նկատեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին աշխարհին պահանջատիրական ոգիով եւ վճրականութեամբ ներկայանալու անհրաժեշտութիւնը:

Աւարտին ժողովը ընտրեց նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը, յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կազմուած է հետեւեալ ձեւով՝

Վաչէ Փափազեան (Լիբանան)

Վարանդ Ալեքսանտրեան (Լիբանան)

Մկրտիչ Եափուճեան (Լիբանան)

Եսայի Հաւաթեան (Լիբանան)

Կարօ Պայթարեան (Լիբանան)

Թամար Գապագեան-Հաշէօլեան (Լիբանան)

Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան)

Կարօ Մանճիկեան (Սուրիա)

Աննա Յովհաննէսեան (Եւրոպա)

Վիգէն Թիւֆէնքճեան (Քանատա)

Վիգէն Եագուպեան (Արեւմտեան ԱՄՆ)

Հրայր Պարոնեան (Արեւելեան ԱՄՆ)

 

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Է. Պատգամաւորական Ժողով

Երեւան, 1 Յունիս 2014


comments

Advertisement