ԼՂՀ նախագահը ընդունած է գործարարներ՝ Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն

By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Սիվիլնէթ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Յունիսին ընդունած է Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն ժամանած խումբ մը գործարարներ՝ Ժոզէֆ Ուղուրլեանի գլխաւորութեամբ:


Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման ա-ռնչուող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է ջրելեկտրակայաններու ոլորտին:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է արտերկրի առաջատար ընկերութիւններուն հետ համագործակցութիւնը՝ աւելցնելով, որ անիկա դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տարբեր ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացման վրայ:


comments