Արաբական Էմիրութիւններու գործարարներ Հայաստանի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Հայաստանի փոխվարչապետ, Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Արմէն Գէորգեան 3 Յունիսին ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ժամանած գործարարներու պատուիրակութիւնը՝ Ապու Տապիի Առեւտուրի պալատի խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Թենի Մորշետ ալ Ռումայտիի գլխաւորութեամբ:


Փոխվարչապետը ողջունեց պատ-ուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը՝ ընդգծելով, որ Հայաստան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը նկատէ համագործակցութեան կարեւոր ուղղութիւն եւ մեծ արժէք կու տայ երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերու սերտացման: «Երկու երկրների միջեւ առեւտրի ոլորտում արդէն բաւականաչափ փորձ եւ ձեռքբերումներ են առկայ, կարեւորում ենք նաեւ տնտեսական եւ ներդրումային ոլորտներում փոխգործակցութիւնը, որի զարգացման համար, կարծում ենք, մեծ ներուժ կայ», յայտնեց փոխվարչապետը:
Արմէն Գէորգեան ողջունեց նաեւ Հայաստանի մէջ դեսպանատուն հաստատելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մտադրութիւնը՝ ընդգծելով դիւանագիտական ներկայացուցչութեան կարեւոր դերը առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման իմաստով:

Ա. Գէորգեան ներկայացուց տնտեսութեան այն ուղղութիւնները, որոնք կրնան հետաքրքրական ըլլալ երկկողմանի համագործակցութեան համար, մասնաւորապէս նշելով գիւղատնտեսութեան, սնունդի արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, շինարարութեան եւ շինանիւթերու արտադրութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, ոսկերչութեան, ելեկտրականութեան, քիմիական արդիւնաբերութեան ոլորտները:

Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու զարգացման ծառայող գործնական ծրագիրներու ու նախաձեռնութիւններու իրականացման:

Արաբական պատուիրակութեան ղեկավարը յայտնեց, որ նպատակ ունի ծանօթանալու ներդրումային կարելիութիւններուն եւ բացայայտելու գործակցութեան ուղղութիւնները:

«Որպէս մասնաւոր հատուածի ընկերութիւններ՝ մենք բաւական լուրջ տրամադրուած են Հայաստանի մասնաւոր հատուածին հետ համագործակցութեան առնչութեամբ», ընդգծեց ան:

Պատուիրակութեան ղեկավարը վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ երկու երկիրներուն միջեւ շարունակական համագործակցութեան համար լաւ հիմք պիտի ապահովէ նաեւ այդ հանդիպումին ծիրին մէջ Հայաստանի առեւտրա արդիւնաբերական պալատին եւ Ապու Տապիի առեւտուրի պալատին միջեւ ստորագրուելիք համագործակցութեան համաձայնագիրը:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement