Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտը Պաքուի ռազմատենչ քաղաքականութիւնն է. Բակօ Սահակեան

By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Յունիսին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿի նախագահ, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուր-իհալթէրի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:


Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման մեծագոյն խոչընդոտը պաշտօնական Պաքուի ռազմատենչ քաղաքականութիւնն է, ան կարեւոր նկատած է միջազգային հանրութեան կողմէ համապատասխան քայլերու ձեռնարկումը՝ Ատրպէյճանը դատապարտելու ու կառուցողական հուն բերելու գծով:
Երկրին ղեկավարը վերահաստատած է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներուն մէջ ընթացող բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափի վերականգնմամբ:

Հանդիպման մասնակցած են արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիքը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:


comments