By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ազգային ժողովի ոչ իշխանական քառեակը 2 Յունիսին 4 ժամ տեւած դռնփակ քննարկման ընթացքին որոշեց 12 առաջնահերթ պահանջներ ներկայացնել իշխանութիւններուն եւ զանոնք գործադրելու համար ժամանակ տալ մինչեւ աշուն:
Հիւրընկալող կողմը՝ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանը, նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտարարեց, որ չորս քաղաքական ուժերը աշնան պիտի կազմակերպեն հանրահաւաք մը, որուն ընթացքին ալ պիտի գնահատեն, թէ որքանո՞վ իշխանութիւնները կատարած են իրենց 12 պահանջները:
«Այսինքն կառավարութեանը ժամանա՞կ էք տալիս աշխատելու», հարցումին պատասխանելով՝ Յակոբեան ըսաւ. «Շատ հասկանալի պատճառով է որոշուած, որ հանրահաւաք պէտք է լինի աշնանը: Մենք ունենք որոշակի պահանջներ, որոնք օրէնսդրական փոփոխութիւններով են պայմանաւորուած: Եթէ պահանջներ ես ներկայացնում, պարտաւոր ես նաեւ պահանջները իրականացնելու համար որոշակի ժամկէտ նախատեսել, եւ մենք այն պահանջները, որոնք ներկայացրել ենք, դիտում ենք, որ մինչեւ աշուն հնարաւորութիւն ունի իշխանութիւնը այդ 12 կէտերը իրականացնել: Դրա համար արդէն նախատեսուած աշնանը, դա կը լինի Սեպտեմբերի վերջ, Հոկտեմբերին, երբ արդէն կ՛ունենանք միասնական հանրահաւաք, այդ ժամանակ արդէն մեր ընդհանուր, կոնկրետ գնահատականները կը տանք, մեր պահանջների հետ կապուած, թէ ինչքանով են իշխանութիւնները անդրադարձել մեր պահանջներին»:
Թղթակիցը դիտել տուած է, որ ատիկա համահունչ է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի այն յայտարարութեան, որ կառավարութիւնը ժամանակի պէտք ունի։ «Ես չգիտեմ ինչի էք դուք անձնաւորում, զուտ նորմալ տրամաբանութեան շրջանակներում է դա, հիմա ով, երբ ինչ է ասել, ես չէի անձնաւորի», արձագանգած է Յակոբեան:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավարը նաեւ տեղեկացուց, որ քառեակի 4 ուժերու առաջնորդներու հանդիպման հարց չի քննարկուիր, «բայց երբ որ անհրաժեշտ լինի, հանդիպումը կը լինի»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ