ԵՄի նոր ծրագիր՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ի խնդիր

By Asbarez | Wednesday, 04 June 2014


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Եւրոպական միութիւնը կը շարունակէ տարբեր ծրագիրներու միջոցով խթանել Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան մերձեցման գործընթացը եւ նպաստել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ու արդիւնաւէտ կառավարման ամրապնդման: 3 Յունիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է «Աջակցութիւն Հայաստանում ժողովրդավար կառավարմանը» ծրագիրի պաշտօնական մեկնարկը, որուն նպատակն է քաղաքացիական հասարակութեան կարողութիւններու հզօրացումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան աշխատանքներուն մէջ անոնց աւելի աշխոյժ ներգրաւումը:

«Եւրոպական միութիւնը հիմնական նուիրատուներէն է, որ աշխատանք կը տանի Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման: Եւրոպական միութեան միջամտութեան ռազմավարութեան հիմնական նպատակներէն են՝ ամրապնդել ժողովրդավարական կառավարութիւնը, դիւրացնել առարկայական տեղեկատուութեան հասանելիութիւնը եւ զարգացնել անկախ լրատուամիջոցները, որոնք պիտի նպաստեն քաղաքական բազմակարծութեան ձեւաւորման: Հակառակ անոր որ Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր երկիրները կը ձգտին այդ գաղափարին, քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեան կարելիութիւնները կը շարունակեն սահմանափակ մնալ: Հայաստանի մէջ նկատելի են հետեւեալ միտումները՝ քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութիւնը քաղաքականութեան ձեւաւորման յարաբերութիւններուն, իրաւական դիտարկման եւ պետական կառավարման գործընթացին, սակայն՝ կրկին սահմանափակ շրջանակներու մէջ», յայտնած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայեան Հրիստէան:

Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեան նշած է, որ ծրագիրը լայն կարելիութիւն պիտի տայ ժողովրդավարութեան եւ արդիւնաւէտ կառավարման ամրապնդման համար: «Եւրոպական միութիւնը մեր այն գործընկերներից է, որ ակտիւօրէն աջակցում է Հայաստանի ժողովրդավարական պետութեան ինստիտուտների զարգացման, մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան եւ արդարադատութեան առաւել արդիւնաւէտ համակարգի ներդրման հարցերում: Այս կարեւոր ազդեցութեան ցայտուն դրսեւորումն է ժողովրդավարական կառավարման այս ծրագիրը, որը լայն հնարաւորութիւն կը տայ ժողովրդավարութեան եւ արդիւնաւէտ կառավարման ամրապնդման համար», յայտնած է նախարարը:

Նշենք, որ «Աջակցութիւն Հայաստանում ժողովրդավար կառավարմանը» ծրագիրը, որուն պիւտճէն կը կազմէ 94,9670 եուրօ, կ՛երկարի 18 ամսուան վրայ: Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբէկեանի համաձայն՝ անիկա կը գործադրուի հիմնականօրէն Երեւանի, նաեւ հինգ մարզերու մէջ՝ Տաւուշի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement