By Asbarez | Thursday, 05 June 2014

Համապատասխան զեկոյցներով եւ ելոյթներով հանդէս եկած են վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեանը, արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Արթուր Յարութիւնեանը, ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Կարէն Ներսիսեանը, պաշտօնատար այլ անձերք:
Երկրի ղեկավարը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է կառավարութեան եւ շահագրգիռ մարմիններուն՝ քննարկուած հարցերու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Բերքահաւաքը արդիւնաւէտ կերպով կազմակերպելու նպատակով նախագահ Սահակեան կառավարութեան յանձնարարած է մինչեւ 15 Յունիս 2014 հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարին գլխաւորութեամբ ձեւաւորել արտակարգ ղեկավարման մարմին:
Կառավարութիւնը նաեւ յանձնարարական ստացած է՝ շահագրգիռ մարմիններու ներգրաւմամբ հանգամանօրէն ու խորութեամբ քննութեան առնելու ժողովրդագրութեան վերաբերող հարցերը, անհրաժեշտութեան պարագային լրացումներ կամ վերամշակումներ կատարել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման վերաբերող ծրագիրի նախագիծին մէջ եւ զայն ներկայացնել նախագահին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ