Սերժ Սարգսեան տուն նուիրած է բազմազաւակ Անօթեւան ընտանիքին

By Asbarez | Friday, 06 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երկյարկանի տուն մը նուիրած է անօթեւան եւ բազմազաւակ ընտանիքի անդամ Սարինէ Խաչատրեանին, որ 6 երեխաներուն հետ (որոնցմէ մէկուն անուն մականունը Սերժ Սարգսեան է) կը պատսպարուի նախկին Ամասիայի շրջանի հեռաւոր գիւղի մը մէջ գտնուող խոնաւ տան երդիքին տակ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շիրակ» կեդրոնի կայքը:


«Մեր կողմից պատրաստուած «Ծայրայեղ աղքատութիւնից չեն փրկուել, անգամ իրենց փոքրիկին հանրապետութեան նախագահի անունով կոչելով» տեսանիւթում ներկայացուած բազմազաւակ ընտանիքին այսօր նախկին Աշոցքի վարչական շրջանի Զոյգաղբիւր գիւղում երկյարկանի առանձնատուն է գնել եւ նուիրել հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Մի քիչ առաջ մեզ այս մասին տեղեկացրեց ու մեզ հետ իր անսահման ուրախութիւնը կիսեց նախկին Ամասիայի շրջանի հեռաւոր գիւղում, խոնաւ տանը պատսպարուած ընտանիքի մայրը՝ Սարինէ Խաչատրեանը: Ի դէպ, առանձնատունը մեծ հողամաս եւ անասնագոմ ունի», նշած է «Շիրակ» կեդրոնը՝ բազմազաւակ ընտանիքը շնորհաւորելով այս նուէրին համար։
Աւելցնենք, որ ընտանիքը մօտ օրէն պիտի ունենայ նաեւ իր 7րդ զաւակը։


comments