Մայր աթոռի մէջ՝ եպիսկոպոսներու ժողով

By Asbarez | Monday, 09 June 2014


 


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, 6 Յունիսին տեղի ունեցած է Մայր աթոռին մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներու եւ հայաստանեան թեմերու առաջնորդներու հերթական ժողովը:

Ժողովին սկիզբը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցած է ներկաներուն: Ան կարեւոր նկատած է ժողովի օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցերու համակողմանի քննարկումը եւ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթած ժողովականներուն աշխատանքներուն: Ժողովին ընթացքին քննարկուած են
եկեղեցւոյ հոգեւոր-կրթական, քարոզչական առաքելութեան վերաբերող կանոնական, ծիսական եւ ընկերային բնոյթի հարցեր:

Մայր աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան եւ 2014-2015 ուսումնասկան տարուան ընդունելութեան գործընթացին վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուցած է Մայր աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Գէորգ եպս. Սարոյեանը: Ան դիտել տուած է, որ ներկայիս Մայր աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններուն մէջ կ՛ուսանին 236 սաներ: Սրբազանը յատկապէս անդրադարձած է հոգեւորականութեան պատրաստութեան ծրագիրներուն, ճեմարանական ընդունելութեան կազմակերպման ընթացքին ծառացող դժուարութիւններու եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուող նախաձեռնութիւններուն: Այս առնչութեամբ վեհափառ հայրապետը թելադրած է թեմակալ առաջնորդներուն՝ թեմերուն մէջ հոգեւոր հովիւներուն միջոցով քաջալերելու երիտասարդները, որպէսզի դիմեն Հոգեւոր ճեմարան: Հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններուն յանձ-նարարուած է նաեւ լայն քարոզչութիւն կատարել՝ հաստատութիւններուն վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով:

Արհեստական վիժեցման խնդիրին մասին զեկոյցով հանդէս եկած է Մայր աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Բագրատ եպս. Գալստանեանը: Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդագրական հիմնախնդիրներուն, ծնելիութեան աճի նուազման, ամուսնալուծութիւններու թիւի բարձրացման եւ այդ պարունակին մէջ արհեստական ու սեռով պայմանաւորուած վիժեցման խնդիրներուն: Քննարկման ընթացքին յատուկ կերպով շեշտը դրուած է յիշեալ խնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ քայլերու դիմելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Այս առնչութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յորդորած է թեմակալները՝ առաւել զօրացնել ընտանիքի, ընտանեկան արժէքներու ամրապնդման ուղղուած քարոզչութիւնը: Յանձնարարական տուած է Հայեցակարգային գրասենեակին՝ ձեռնամուխ ըլլալու Ս. Պսակի խորհուրդին եւ ժողովին արծարծուած նիւթերուն վերաբերեալ եկեղեցւոյ հայեցակարգային մօտեցումներու յստակացման:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement