Խորհրդարանի ոչ իշխանական ուժերու Քառեակը ընդդիմութեան վերաբերեալ օրինագիծ պիտի ներկայացնէ

By Asbarez | Monday, 09 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան 9 Յունիսին՝ իրենց խմբակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանի ոչ իշխանական ուժերու քառեակի նիստին աւարտէն ետք, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի խորհրդարանի ոչ իշխանական ուժերու քառեակը ընդդիմութեան վերաբերեալ օրինագիծ պիտի ներկայացնէ: Ըստ անոր՝ այդպիսի օրէնքներ կան նաեւ այլ երկիրներու մէջ եւ անոնք բաւական յաջող են:
«Դրանք օգնում են հակակշիռների արդիւնաւէտ համակարգ ստեղծել, որն անհրաժեշտ է ժողովրդավարական հասարակութեան յաջող գործունէութեան համար», յայտարարած է Յակոբեան:


Ան դիտել տուած է, որ այս եւ միւս պահանջները հասարակութեան եւ կառավարութեան պիտի ներկայացուին 10 Յունիսին, ժամը 13:30ին (Երեւանի ժամանակացոյցով): «Մենք կարծում ենք, որ մեր պահանջները հնարաւոր են, յատկապէս եթէ յիշենք, որ աւելի վաղ իշխանութիւնը յայտարարել էր համագործակցութեանը պատրաստ լինելու մասին», ըսած է Յակոբեան:

«Դիմումում հիմնականում կը ներառուեն ոչ միայն ներքին, այլեւ արտաքին քաղաքականութեանը, մասնաւորապէս՝ Աստանայում, եւրասիական ինտեգրացիայի եւ միջազգային կազմակերպութիւններում Հայաստանի պատուիրակութեան աշխատանքի վերաբերեալ կէտեր», աւելցուցած է ան:
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին՝ Յակոբեան նշած է, որ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան ուղղուած կտրուկ յայտարարութիւններով վերջին յօդուածը չէ քննարկուած քառեակին կողմէ:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ արդեօք յայտարարութեան մէջ անկնկալ կա՞յ նախարարներուն համար. «Չեմ կարծում, որ մեր իշխանութիւններին կարելի է ինչ որ բանով զարմացնել: Սակայն դա, ամէն դէպքում, կը փոխանցուի», յայտարարած է Յակոբեան:


comments

Advertisement