By Asbarez | Monday, 09 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինա Նաու».– Ինքզինք «այլընտրանք» հռչակած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան պիտի փորձէ կազմակերպել Հայաստանի երեք (մէկ գործող եւ երկու նախկին) նախագահներու հանդիպում՝ նպաստելու ներքին քաղաքական երկխօսութեան: Նախորդ շաբաթավերջին Ծառուկեան այս մտադրութեան մասին յայտնած էր իրեն պատկանող «Արարատ» քոնեաքի-գինիի-օղիի գործարանին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին պատասխանելով ԲՀԿ երիտասարդներու միութեան անդամներէն մէկուն հարցումին:
Հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, որ հեռարձակուած էր «Կենտրոն» պատկերասփիւռէն, Ծառուկեան վերահաստատած է, որ ԲՀԿն պիտի մասնակցի յառաջիկայ բոլոր համապետական ընտրութիւններուն՝ թէ՛ խորհրդարանի եւ թէ նախագահի:
Ան նաեւ վերահաստատած է իր քաղաքական տեսլականը, որ՝ «կառավարութիւնը պէտք է պայքարի հովանաւորչութեան դէմ, ինչպէս նաեւ բարենպաստ պայմաններ ստեղծի փոքր եւ միջին բիզնեսի համար, որով հնարաւոր է զսպել արտագաղթը»: Ան կոչ ուղղած է՝ երկրին մէջ գործարար վստահութեան մակարդակը բարձրացնելու միջոցով հետեւողական ջանքեր գործադրել օտար ներդրումներ գրաւելու համար:
Կ՛ենթադրուի, որ Ծառուկեան, որ կը գլխաւորէ խորհրդարանին մէջ երկրորդ մեծ խմբակցութիւնը ունեցող քաղաքական ուժը, գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախորդին՝ Ռոբերտ Քոչարեանի քաղաքական դաշնակիցն է: ԲՀԿն ներկայիս խորհրդարանական ոչ պաշտօնական չորս փոքրամասնութիւններուն կազմած դաշինքին, որուն մէջ նաեւ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Կոնգրեսը, առանցքային անդամներէն է:
Նշենք, որ անցեալին եւս հայ քաղաքական գործիչներ փորձած են կազմակերպել Սարգսեան-Քոչարեան-Տէր Պետրոսեան հանդիպում մը: Ուշագրաւ է, որ Քոչարեանի նախկին խորհրդական Գառնիկ Իսագուլեան, որ ներկայիս «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդն է, անցեալ տարուան Սեպտեմբերին յայտարարած էր նման նախաձեռնութեան մասին: Սակայն հետագային արդիւնքին մասին ոչինչ հաղորդուեցաւ:
Թէ՛ Քոչարեան եւ թէ Տէր Պետրոսեան քննադատած են նախագահ Սարգսեանի վարչակազմի նախաձեռնած սահմանադրական բարեփոխումները, որոնք կրնան հասցնել հոն, որ Հայաստան վերածուի խորհրդարանական հանրապետութեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ