Պաքուն Օհանեանի զգուշացումը «անթոյլատրելի» կ՛որակէ

By Asbarez | Monday, 09 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմՌետիօ».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Յունիս 9ին արձագանգած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին կատարած մէկ յայտարարութեան:


Սէյրան Օհանեան Յունիս 5ին ատրպէյճանցիներու կողմէ երկու հայ պայմանագրային զինուորներու սպանութենէն ետք նախազգուշացուցած էր, թէ Պաքուի նման քայլերը յղի են Ատրպէյճանի համար ծանր հետեւանքներով:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան Յունիս 9ի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Պաքուն Սէյրան Օհանեանի յայտարարութիւնը «անթոյլատրելի» կը համարէ, միաժամանակ աւելցնելով, թէ Ատրպէյճան չի վախնար սպառնալիքներէ եւ պաստրաստ է ռազմական ուժ կիրառելու:


comments