«Միկոյեանի դերը Հայ ժողովրդի ճակատագրում միանշանակ բացասական է եղել». Պատմաբան

By Asbarez | Tuesday, 10 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 10 Յունիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Անաստաս Միկոյեանի արձանի տեղադրման վերաբերող գիտաժողով-քննարկում, որուն ընթացքին խօսք առած տարբեր անձնաւորութիւնները անդրադարձան նման քայլի մը դիմելը իսկական սխալ ու յանցանք նկատելու հանգամանքին՝ համապատասխան հիմնաւորումներ ներկայացնելով։


ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Բագրատ Եսայեան՝ անդրադառնալով Անաստաս Միկոյեանի արձանի կանգնեցման մասին շրջան ընող լուրերուն եւ քննարկումներուն յայտնեց. «Անաստաս Միկոյեանի արձանի տեղադրման մտադրութեան մասին տեղեկատուութիւնը բուռն բողոք է առաջացրել հասարակութեան շրջանում: Քն-նարկումն ընթանում է հարցազրոյցների, բանավէճերի մակարդակով, սակայն պետական մարմիններն անընդհատ փորձում են շեշտել, թէ փաստագրական առումով իրենց ձեռքի տակ ոչինչ չկայ, եւ դա է պատճառը, որ նման որոշում է կայացուել»։

Ըստ անոր՝ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն ճիշդ այդ նպատակով կայացուցած է քննարկում-գիտաժողովը, որպէսզի քննարկումներուն լոյսին տակ ծնուելիք փաստաթուղթերը նկա-տուին որպէս հիմնաւորում եւ այդ որոշումը բեկանելու փաստաթղթային հիմք:

Քննարկման ընթացքին, որուն կը մասնակցէին շարք մը գիտնականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, ներկայացուեցաւ Անաստաս Միկոյեանի անցած ուղին, գործունէութիւնը, լոյս սփռուեցաւ հասարակութեան լայն հատուածներու համար տակաւին անյայտ Անաստաս Միկոյեանի իրական անձին ու կերպարին վրայ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեան իր ելոյթին մէջ նշեց, թէ այս խնդիրը, որ կը թուի, թէ կեդրոնացած է ընդամէնը մէկ անձի վրայ, շատ աւելի խորքային է, եւ այդ առումով բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացուց այն խնդիրի վրայ, որ աւելի շատ հոգեբանական, ընկերային-հոգեբանական հարթութեան վրայ կը գտնուի։ Ան նշեց, որ այսօր «մենք փոքր-ինչ ուշացած, բայց մի հարց պէտք է տանք՝ մեր այսօրուայ Հայաստանում անկախութեան 20-22 տարուայ անկախ պետականութեան ընթացքում, մեր երեքհազարամեայ պատմութեան ո՞ր պետական կամ պատմական գործչի արձանը պէտք է դնենք»:

«Ո՞ւր է մեր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի առաջին կերտողի՝ Արտաշէս թագաւորի արձանը, ուր են մեր թագաւորների արձանները: Դինաստիաներ ենք ունեցել, որոնցից իւրաքանչիւրը տուել է այնպիսի դէմքեր, ովքեր պատիւ կը բերեն տասնեակ ժողովուրդների: Արդեօ՞ք մենք այսօր իրաւունք չունենք տեսնելու Աշոտ Երկաթի արձանը, ով առաջին ազատագրական պայքարի ռահվիրան էր», նշեց Լեւոն Մկրտչեան:

Ըստ անոր արձանն ու փողոցը այն վայրն են, ուր պապիկը թոռնիկին պէտք է ցոյց տայ արձանը ու ըսէ, որ այս մարդը այսինչ բանը կատարած է եւ այդպիսով բան մը սորվեցնէ թոռնիկին։ «Եւ Երեւանի քաղաքապետարանը պէտք է յստակ քաղաքականութիւն ունենայ, թէ ո՞րն է փողոցների ու արձանախմբերի դերը մեր երեխաների՝ մեզ բոլորիս համար, ու սա է ամենակարեւոր խնդիրը», յայտնեց Լեւոն Մկրտչեան:

«Եթէ զարկուած, զրկուած հայութիւնը, սովետական տարիներին կարողացել է իր համար ընտրել այն կերպարներին, որոնք մեզ հոգեհարազատ են՝ Վարդան Մամիկոնեան, Գայ, Մարշալ Բաղրամեան, Իւան Իսակով եւ այլն, ու հպարտացել ենք նրանցով, ապա անկախութեան տարիներին պէտք է կարողանանք ընտրել այնպիսի կերպարներ, որ մեր երազը մեր երեքհազարամեայ պատմութիւնը խորհրդանշեն: Մենք մեզ չենք կարող թոյլ տալ, որ մեր պատմութիւնը սկսուի 19րդ դարավերջից-20րդ դարասկզբից», շեշտեց Լեւոն Մկրտչեան՝ աւելցնելով, որ նման շռայլութեան կրնան դիմել Հայաստանի դրացիները, որոնց պատմութիւնը կը սկսի այդ ժամանակաշրջանէն:

Ըստ անոր՝ Խորհրդային միութեան ժամանակ այս մէկը հասկցած են, այդ պատճառով ալ Սասունցի Դաւիթի, Հայկ նահապետի, Վարդան Մամիկոնեանի արձանները զետեղուած են: «Անկախութեան ժամանակ ի՞նչ այդպիսի գործ ենք արել մեր քաղաքը, մեր երկիրը զարդարելու համար: Ո՞ւր է Աշոտ Մեծագործի արձանը, որը նայում է Անիին, ով հիմնադրել է այդ քաղաքը», իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ Լեւոն Մկրտչեան՝ շեշտելով, որ ասիկա հիմնականին մէջ պատմաբաններու, քաղաքական գործիչներու ու հասարակութեան խնդիրն է:

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Աշոտ Ներսիսեան ներկայացուց Անաստաս Միկոյեանի կերպարը՝ իր ելոյթը վերնագրելով «Անաստաս Միկոյեանի դերը հայ ժողովրդի ճակատագրում», եւ իր խօսքին սկիզբը շեշտեց, որ «այդ դերը եղել է միանշանակ բացասական»:

Պատմաբանը պատմական փաստերով իր ըսածը հիմնաւորելէ առաջ նշեց, որ Երեւանի մէջ Անաստաս Միկոյեանի արձանը կանգնեցնելը մեծ հարուած է Հայաստանի անկախութեան գաղափարին, քանի որ Միկոյեան իր ողջ կեանքին ընթացքին, մասնաւորապէս Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք, Հայաստանի անկախութեան կորստեան տարիներուն, պայքարած է Հայաստանի դէմ:

«Ընդ որում՝ ոչ միայն պայքարել է, որ իր կուսակիցների՝ բոլշեւիկների կողմից Թուրքահայաստանի մասին դեկրետը չիրականացուի, այլեւ կայ 1919 թուականի Դեկտեմբերին Լենինին հասցէագրուած մի նամակ, որով կոչ է անում հրաժարուել Թուրքահայաստանի մասին դեկրետից, եւ, առհասարակ, հարուած է հասցրել միացեալ Հայաստանի ստեղծման գաղափարին», նշեց պատմաբանը:

Ըստ անոր՝ Միկոյեան իր աստրախանեան յայտնի ելոյթով կոչ ուղղած է ու հետագային հասած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի համայնավար կուսակցութիւնը փակուի եւ վերափոխուի Ռուսիոյ համայնավար բանուորական կուսակցութեան մասնաճիւղի, յետոյ Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ հայկական պահանջատիրութեան դէմ հանդէս եկած է, ինչպէս նաեւ իր կուսակիցներուն հանդէպ լաւ վերաբերմունք չէ ցուցաբերած: Պատմաբանը նշեց, թէ սկիզբը Միկոյեան անցած է Պարսկաստան՝ Անդրանիկի գումարտակին կամաւորագրուելու, բայց կարճ ժամանակ ետք ապտակ մը ստացած է Անդրանիկէն ու լքած գումարտակը՝ հետագային անդամագրուելով համայնավար կուսակցութեան ու գործելով հայ ժողովուրդի շահերուն դէմ:

Իսկ դիւանագէտ Արա Պապեան անդրադարձած է այն «միֆին», թէ Անաստաս Միկոյեանի շնորհիւ էր, որ երրորդ համաշխարհային պատերազմը չսկսաւ, Քարիպեան ճգնաժամը հարթուեցաւ: Նախկին դիւանագէտը շեշտեց, թէ ճգնաժամը հարթած են բոլորովին այլ մարդիկ, բայց համայնավար կուսակցական վերնախաւին պէտք էր, որ ճգնաժամի հարթումը վերագրուէր կուսակցութեան ու անոր ղեկավարութեան: «Իսկ Միկոյեանի դերն այդ ամբողջ պատմութեան մէջ եղել է երիտասարդ Ֆիդել Կաստրոյին հանգստացնելը, ով ռադիոյով էր լսել, որ ԽՍՀՄն ատոմային մարտագլխիկները հանում է Կուբայից ու սաստիկ վրդովուել էր», դիտել տուաւ ան։

Աւարտին քննարկման մասնակիցները նշեցին, որ արձանի տեղադրման մասին որոշումը աւելի եւս բացայայտեց, թէ իրականութեան մէջ ո՛վ եղած է Միկոյեան ու ինչքան բացասական դեր խաղացած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement