By Asbarez | Tuesday, 10 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– Յունիս 12ի նիստին կառավարութեան հաստատման պիտի ներկայացուի ուշագրաւ որոշման նախագիծ մը, որով պիտի առաջարկուի ետ առնել սկաուտներուն տրամադրուած հողատարածքը։ Ըստ օրակարգին վրայ ընդգրկուած 5րդ կէտին՝ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կառավարութեան պիտի առաջարկէ ուժը կորսնցուցած նկատել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 27 Մարտ 2014ի նիստին N 12 արձանագրութեան 8րդ կէտը:
Այդ կէտը կը վերաբերի Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում (ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ) հասարակական կազմակերպութեան անհատոյց եւ անժամկէտ օգտագործման իրաւունքով տարածք տրամադրելու Հայաստանի կառավարութեան որոշման նախագիծի ընդունման:
Անով կը նախատեսուի Երեւանի վարչական սահմաններուն մէջ՝ «Երեւանի անտառտնտեսութիւն» մասնաճիւղի Երեւանի անտառպետութեան 7րդ քառակուսիի 21րդ եւ 24րդ տեղամասերուն վրայ գտնուող 3 հեկտար անտառային հողը անհատոյց օգտագործման իրաւունքով անժամկէտ տրամադրել Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժումին՝ մշակութային նպատակով, սկաուտական պարապմունքներ, համահայաստանեան ու միջազգային բանակումներ կազմակերպելու համար:
27 Մարտին կառավարութեան ներկայացուած որոշման նախագիծին մէջ ներկայացուած է հետեւեալ հիմնաւորումը. «Քանի որ Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում, որի նպատակն է դաստիարակել պատասխանատու, գիտակից, հասարակայնօրէն ակտիւ, հոգեպէս ամուր, հայրենասէր երիտասարդ սերունդ, ունի բազմաթիւ անդամներ, հաշուի առնելով համահայկական միջոցառումների նկատմամբ հետաքրքրութեան եւ դրանց մասնակցել ցանկացողների թուի տարէցտարի աճը, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքը, որ կազմակերպութեան զբաղեցրած ներկայիս տարածքն իր չափերով եւ պայմաններով չի բաւարարում պահանջներին՝ սկաուտական պարապունքներ, համահայաստանեան ու միջազգային բանակումներ կազմակերպելու համար, 3 հեկտար հողատարածք տրամադրելու դէպքում կազմակերպութեանը հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպել իր գործունէութիւնը»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ