Աղուան Վարդանեան կը խօսի ելեկտրականութեան սակի բարձրացման այլընտրանքի մասին

By Asbarez | Wednesday, 11 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ե-լեկտրաէներգիայի սակագնի հնարաւոր թանկացումը սոցիալական եւ տնտեսական արդիւնաւէտութեան լրջագոյն խնդիրներ կարող է առաջացնել», հաստատած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան՝ ՀՅԴ խմբակցութեան գրասենեակին մէջ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նախագահ Ռոբերտ Նազարեանի հետ կայացած հանդիպումէն ետք զրուցելով լրագրողներուն հետ։


«Ի վերջոյ իւրաքանչիւր նման բարձրացում ազդում է ապրանքների ինքնարժէքի վրայ եւ այստեղ պատասխանատուութիւն ունի կառավարութիւնը», ըսաւ Ա. Վարդանեան:

Ան նշեց, որ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը կը կատարէ իր գործառոյթները, եւ այս պարագային դրական կամ բացասական գնահատական տալու խնդիր չունին իրենք: «Սակայն այն, որ այս հարցերը պէտք է այլընտրանքային լուծումներ ունենան, դրանում մենք համոզուած ենք: Հայաստանի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսավարողների համար պէտք է լինի ելեկտրաէներգիայի սակագնի կանխատեսելիութիւն ապագայի հետ կապուած, որովհետեւ բացառուած չէ, որ մենք 6 ամիս յետոյ կարող ենք նոյն խնդրի առջեւ կանգնել», դիտել տուաւ ան՝ ընդգծելով, որ երկրորդ խնդիրը ընկերային է, որ կառավարութեան կողմէ լուծուելիք հարց է:

Աղուան Վարդանեան նշեց, թէ իրենք համոզուած են, որ այդ ֆինանսական բացը, որուն մասին խօսած է ՀԾԿՅն, կարելի է փակել այլընտրանքային մեթոտներով՝ աւելցնելով, որ իրենք կառավարութեան առջեւ այս հարցերը պիտի բարձրացնեն: Որպէս օրինակ՝ Աղուան Վարդանեան նշեց, որ Հայաստանի ելեկտրականութեան ցանցը եւ Երեւան ջրելեկտրակայանը ունին վարկեր, եւ հիմա անոնց արտօնեալ ժամկէտները լրացած են, եւ եկած է տոկոսներուն ու մայր գումարներու մարման պահը, իսկ անոնք լուրջ գումարներ են. ուստի պատգամաւորը կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ միջոցներ գտնել այդ վարկերը վերաձեւակերպելու եւ համակարգը ժամանակաւորապէս այդ ծանրաբեռնուածութենէն ազատ կացուցելու:


comments