By Asbarez | Wednesday, 11 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերը յայտարարած են, որ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն 2013ի պետական պիւտճէի կատարողականին։
«Ազգային ժողովի ԲՀԿ խմբակցութիւնը դէմ կը քուէարկի ՀՀ 2013թ. պետական բիւջէի կատարման հաշուետուութիւնը հաստատելու մասին հարցին», պիւտճէի կատարողականի քննարկման ընթացքին յայտարարած է ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանը: «Մենք, բնականաբար, դէմ ենք քուէարկելու բիւջէի կատարողականի հաստատմանը, քանի որ այն վստահութիւն չի ներշնչում», դիտել տուած է ան:
Այս մասին յայտարարած է նաեւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան: Ան դժգոհութիւն յայտնած է կառավարութեան գործունէութենէն՝ նշելով, որ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգն ալ այս պահուն կը ներկայացուի հասարակութեան ուշադրութիւնն առաւել կարեւոր հարցերէն շեղելու համար: «Մենք երէկ ներկայացրեցինք մեր պահանջները, որոնք իրատեսական են, եւ յոյս ունենք, որ կառավարութիւնը քայլեր կը ձեռնարկի այդ պահանջներն իրականացնելու համար: Մենք կատարողականի նախագծին դէմ ենք քուէարկելու, իսկ դուք կողմնորոշուեք», ըսած է Յակոբեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ որեւէ կատարողականի հաշուետուութիւն չի կրնար ընկալելի ըլլալ հասարակութեան համար, երբ երկրին մէջ ընկերային իրավիճակի բարելաւում չէ նկատուած, մարդիկ փոփոխութիւններ չեն տեսներ։ Ան տեղեկացուցած է, որ Դաշնակցութիւնը նոյնպէս դէմ պիտի քուէարկէ Հայաստանի 2013ի պետական պիւտճէի նախագիծին:
ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան եւս յայտնած է, որ ՀԱԿը նոյնպէս դէմ պիտի քուէարկէ կատարողականի նախագիծին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ