Արցախի վարչապետը ՀՅԴ խմբակցութեան հետ քննարկած է 2013ի պիւտճէի կատարողականին առնչուող հարցեր

By Asbarez | Thursday, 12 June 2014


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 11 Յունիսին ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամները՝ քննարկելու 2013ի պիւտճէի կատարողականին եւ ընկերային-տնտեսական հիմնախնդիրներուն առնչուող որոշ հարցեր:
Վարչապետը ողջունած է իշխանութեան գործադիր եւ օրէնսդիր հատուածներուն միջեւ պարբերական կապերը՝ աշխատանքներու արդիւնաւէտ կազմակերպման եւ հիմնախնդիրներու արծարծման տեսակէտէն: Կառավարութեան ղեկավարը ներկայացուցած է ընկերային-տնտեսական եւ կրթական որոշ ծրագիրներու իրականացման ընթացքը:


Արա Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է խորհրդարանին դերը՝ պետական պիւտճէի կատարողականի արդիւնաւէտութեան բարձրացման իմաստով՝ ակնկալելով այդ ուղղութեամբ կառուցողական առաջարկներու ներկայացում: Վարչապետին համաձայն՝ հանրապետութեան պիւտճէին ուղղութիւնը գլխաւորաբար ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարելաւումն է, ուստի անոր ծրագրումն ու իրագործումը պէտք է հիմնուին այդ տրամաբանութեան վրայ։

Քննարկուած են նաեւ կրթական համակարգին եւ մարդուժի պատրաստութեան վերաբերող հարցեր: Կառավարութեան ղեկավարը շեշտը դրած է տնտեսութեան մէջ որակեալ մարդուժի պատրաստութեան խնդիրին վրայ եւ կարեւոր նկատած է իշխանութեան բոլոր ճիւղերու միացեալ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը նշուած ոլորտին մէջ յաջողութիւններ արձանագրելու համար: Այդ պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է Շուշիի արհեստից ուսումնարանի նշանակութեան եւ նախատեսուող աշխատանքներուն, որոնք պիտի սկսին այս Սեպտեմբերին: Կառավարութեան ղեկավարը համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ ֆրանսական մոտելով աշխատող ուսումնարանը ի վիճակի պիտի ըլլայ պատրաստելու շինարարութեան բնագաւառի որակեալ մասնագէտներ:

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը:


comments