Նալբանդեան ելոյթ ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին

By Asbarez | Friday, 13 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 13 Յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցած է Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու եւ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովներուն կողմէ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ խորհրդարանական լսումներուն, որոնք տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:


Ելոյթ ունենալով լսումներուն ներկայ պատգամաւորներու, հասարակական կազմակերպութիւններու, գիտահետազօտական կեդրոններու ներկայացուցիչներուն առջեւ՝ նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին ա-ռնչութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն կողմէ իրականացուող աշխատանքները՝ ընդգծելով սփիւռքի նախարարութեան եւ հայ համայնքային կառոյցներուն հետ համակարգուած գործունէութեան կարեւորութիւնը:

«Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններից ստացուած առաջարկութիւնների հիման վրայ եւ նկատի առնելով հաւատարմագրման իւրաքանչիւր երկրի առանձնայատկութիւնները՝ կազմուել է 2014-15 թթ. միջոցառումների ծրագիր: Միջոցառումները նախատեսւում է իրականացնել տասնեակ պետութիւններում», յայտնած է Էդուարդ Նալբանդեանը:

Անդրադառնալով ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային հանրութեան ջանքերուն՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստան կը ջանայ միանալ այդ ուղղութեամբ այլ երկիրներու, միջազգային կառոյցներու կատարած նախաձեռնութիւններուն՝ ուղղուած ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման առաւել արդիւնաւէտ մեքանիզմներու մշակման:

Ելոյթէն ետք Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանած է մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն:


comments