By Asbarez | Friday, 13 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան համաձայն չէ այն տեսակէտներուն, որոնց համաձայն, քառեակը իր 12 կէտերէ բաղկացած յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարած է միայն ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն:
13 Յունիսին Ազգային ժողովի աւանդական ճեպազրոյցներու ժամուն Աղուան Վարդանեան յիշեցուցած է, որ քառեակին յայտարարութեան յառաջաբանին մէջ կար յատուկ կէտ մը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրներուն, որոնք գերակայ հարցեր են. «Լրատուամիջոցները հաւանաբար կամ մոռացել են այս կէտը կամ ցանկանում են անտեսել: Նրանք, ովքեր մեզ մեղադրում են միայն սոցիալ-տնտեսական հարցերի անդրադառնալու մէջ, չարաչար սխալւում են»:
Պատգամաւորը ընդծած է, որ քառեակին յայտարարութեան մէջ ամրագրուած կէտերէն շատ կարեւոր է կուտակային կենսաթոշակներու մասին օրէնքին կապուած կէտը, որով իրենք կ՛առաջարկեն վերցնել պարտադիր բաղադրիչը:
Ան շեշտած է, որ կառավարութիւնը օրէնքի նոր նախատիպի մշակման համար քաղաքական ուժերուն առաջարկած է ներկայացնել անուններ մասնագէտներուն, որոնք պիտի մասնակցին օրէնքի մշակման գործընթացին. «Այս պահին մեր առաջարկած մասնագէտների հետ դեռեւս կապ չի հաստատուել, իսկ մեզ խօսակցութիւններ են հասել, որ նոր մոդելը շուտով արդէն պատրաստ կը լինի եւ կը ներկայացուի Ազգային ժողովի քննարկմանը, ինչը մտահոգիչ է մեզ համար»:
«Իշխանութիւններն իրենց խօսքի տէրը չեն, կենսաթոշակային բարեփոխումների շուրջ այլ քաղաքական ուժերի հետ չեն համագործակցում։ Խնդրել էին, որ մասնագէտներ ներկայացնենք՝ քննարկումների համար: Մեր խմբակցութիւնը չորս անուն էր տուել, սակայն մինչ օրս այդ մարդիկ որեւէ քննարկումների չեն ներգրաւուել: Մինչ այդ, մեզ հասած տեղեկութիւններով, նոր օրէնսդրական փաթեթն արդէն պատրաստ է: Միասին չէին ուզում՝ իրենց գործն է, տեսնենք՝ միայնակ ինչ են արել: Կարծում եմ՝ այն իշխանութեան փորձաքարը կը դառնայ»:
Խօսելով ելեկտրականութեան սակի ակնկալուող բարձրացման մասին՝ Աղուան Վարդանեան յիշեցուցած է, որ մինչեւ 1999 թուական ելեկտրականութիւնը պարբերաբար քիչ-քիչ կը սղէր, այդ տարին կատարուեցաւ գինի կտրուկ բարձրացում, որմէ ետք մօտ տասը տարի գինը մնաց նոյնը, ապա թանկացաւ 2009ին, որմէ ետք՝ 2013ին, եւ ապա՝ հիմա. «Դա նշանակում է, որ կանխատեսելիութիւն չկայ»:
Ան անդրադարձած է նաեւ փութինեան քարոզչամեքենայի գլ-խաւոր դերակատարներէն մէկուն՝ Տմիթրի Քիսելեովի այցելութեան. «Մինչ այսօր էլ ռուսական կողմը փորձել է լեզուի ազդեցութիւնը մեծացնել մեր երկրում, բայց դեռ երբեք չի եղել, որ այս տոնով, այս ձեւով, այս սանձարձակութեամբ անէին: Սա, պարզ ասենք, շանտաժ է Հայաստանի բնակչութեան, իշխանութեան եւ պետականութեան հանդէպ՝ եթէ չանէք՝ ձեր անվտանգութիւնն ապահովել չի լինի, կարծես թէ մենք ռազմավարական գործընկերներ չենք, կարծես թէ մեր երկրների միջեւ չկան միջպետական յարաբերութիւններ, այլ՝ տէր ու ծառայի, կարծես թէ մենք չենք համագործակցում ՀԱՊԿ շրջանակներում»:
Այս առնչութեամբ Աղուան Վարդանեան երկու դիտարկում կատարած է. «Այդ մարդիկ ասում են՝ չի կարելի անվտանգութեան գծով մի միութիւն ընտրել՝ ՀԱՊԿը, իսկ մշակութային գծով մէկ այլ: Իսկ ի՞նչ ասաց Սերժ Սարգսեանը այս մասին երկու օր առաջ Վիեննայում՝ «մեծ ցանկութեան դէպքում նոյնիսկ չենք կարող հրաժարուել Եւրամիութեան հետ համագործակցութիւնից, որովհետեւ մենք մեզնից չենք կարող հրաժարուել, մենք եւրոպական արժէքներ կրող ժողովուրդ ենք»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ