Հակառակ ընդդիմութեան սուր քննադատութեան՝ Ազգային Ժողովը հաստատեց 2013ի պետական պիւտճէի կատարողականը

By Asbarez | Friday, 13 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».– Նկատի չառնելով քանի մը օր առաջ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերուն կողմէ նախորդ տարուան պետական պիւտճէի կատարողականին վերաբերեալ կատարուած քննադատութիւնները՝ խորհրդարանի մեծամասնութիւն կազմող իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը 12 Յունիսին հաստատեց նախորդ տարուան պիւտճէի կատարողականի հաշուետուութիւնը:


Թեր քուէարկեցին 67 պատգամաւորներ, դէմ՝ 40ը, «Օրինաց Երկիր» խմբակցութեան ներկայացուցիչները՝ 5 պատգամաւոր, ինչպէս նախօրօք յայտարարած էին, մնացին ձեռնպահ, քանի որ անցեալ տարի քաղաքական համախոհութեան մաս կը կազմէին։

Հայաստանի տնտեսութիւնը նախատեսուած 6 տոկոսի փոխարէն 2013ին աճած է 3,5 տոկոսով: Նախատեսուած ցուցանիշին հասնելուն չէր օգնած նոյնիսկ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան ու ծառայութիւններու աճը՝ շինարարութեան ծաւալներու նուազեցման ու 5,8 տոկոս գնաճին պատճառով, Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն:

Օրինագիծին դէմ քուէարկած «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան 11 Յուլիսին պարզաբանած էր իրենց դիրքորոշումը: «Տպաւորութիւնն այնպիսին է, թէ մենք ապրում ենք բոլորովին տարբեր իրականութիւններում՝ ամէն ինչ լաւ է, բիւջէն լաւ է, 100 տոկոսանոց կատարուել» նշած էր ան:

«Եթէ ամէն ինչ լաւ է, ապա ինչո՞ւ հնարաւոր չեղաւ ապահովել նախատեսուած տնտեսական աճը, ինչո՞ւ է այսօր Հայաստանը ներդրումների պակասի առումով ամենառիսկային երկրներից մէկը, ինչո՞ւ է Հայաստանում աղքատ բնակչութեան գրեթէ գերակշիռ մեծամասնութիւնը, ինչո՞ւ է Հայաստանի քաղաքացիների մեծամասնութիւնը գործազուրկ, ինչո՞ւ է Հայաստանն ամենառիսկային երկրներից մէկը արտագաղթի տեմպերով», Ազգային ժողովի ամպիոնէն տարակուսանք յայտնած է պատգամաւորը՝ կոչ ուղղելով իշխանութիւններուն համարձակութիւն ցուցաբերելու ու ըսելու ձախողութեան իրական պատճառները:

Դէմ քուէարկած միւս ուժին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան՝ խօսելով նախորդ տարուան պիւտճէի կատարողականին մասին, նշած է, որ տնտեսական քաղաքականութիւնը սխալ գործադրուած է, մասնաւորապէս, տնտեսական աճը զսպող քաղաքականութեան պատճառով:
Մինասեան նաեւ համաձայն չէ եղած իշխանութեան այն պնդման, որ Հայաստան ունի փոքր տնտեսական կայուն ցուցանիշներ:

«Կայուն ցուցանիշները նշանակում են տնտեսական աճ, գների մակարդակի կայունութիւն, նշանակում են զբաղուածութեան մեծ տոկոս, սակայն մենք սրանցից ոչ մէկը չունենք, բայց յայտարարում ենք, թէ ունենք մակրոտնտեսական կայուն վիճակ: Պատճառներից մէկն էլ մուտքի արհեստական սահմանափակումներ ունեցող շուկաներն են, մեր շուկաներում գերմոնոպոլացուած վիճակ է», ընդգծած է Մինասեան:

Հաստատելով, որ Հայաստանի ներկայ հարկապիւտճէթային ու դրամավարկային քաղաքականութեան լոյսին տակ կարելի չէ յաղթահարել աղքատութիւնը, ՀՅԴ պատգամաւորը չափելի ցուցանիշ չհամարեց պիւտճէի որեւէ տողով թերակատարում չունենալը.

«Գլխաւոր գանձապետը հպարտօրէն ասում է՝ մենք որեւէ ուղղութեամբ թերակատարում չունենք, բոլոր վճարումները կատարել ենք: Լաւ, կատարել էք, բայց դրանից քաղաքացու վիճակը լաւացե՞լ է, մարդը չի՞ մտածում այլեւս արտագաղթելու մասին, կամ գուցէ նուազե՞լ է արտագաղթի տեմպը: Սրանք են այն չափելի ցուցանիշները, որոնք բացակայում են»:

 


comments