By Asbarez | Friday, 13 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ.– Հեղինակաւոր «Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը 12 Յունիսին հրապարակած է «Անցումային շրջանի մէջ գտնուող երկիրները» տարեկան զեկոյցը, ուր Հայաստանը նկատուած է «կիսաամրապնդուած մենատիրական կառավարման համակարգ ունեցող պետութիւն»:
Արեւելեան Եւրոպայի, Պալքաններու եւ յետխորհրդային տարածքի 29 պետութիւններու կարգին, ըստ զեկոյցին, Հայաստան կը գտնուի Քոսովոյի եւ Ղրդիստանի մակարդակին։
«Ֆրիտըմ Հաուս»ի մասնագէտները, դիտարկելով անցումային շրջանի մէջ գտնուող պետութիւններէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, առանձնացուցած են եօթը տարբեր չափորոշիչներ՝ ընտրական գործընթացներէն ու կառավարման համակարգի որակէն մինչեւ մամուլի ազատութիւնն ու քաղաքացիական հասարակութեան վիճակը՝ փորձելով գտնել գլխաւոր հարցումին պատասխանը՝ որքանո՞վ ժողովրդավարական են ընկերվարութեան աւելի քան 20 տարի առաջ հրաժեշտ տուած պետութիւնները:
«Ֆրիտըմ Հաուս»ի մասնագէտները դիտարկուած երկիրները կը գնահատեն եօթը աստիճաններով: Որքա՛ն բարձր են պետութեան ստացած միաւորները, այնքա՛ն այդ պետութիւնը հեռու է ժողովրդավարութենէն: Այս աստիճանաւորումին վրայ Հայաստանը 2014ին, ինչպէս նաեւ նախորդ տարի, ստացած է 5.36 միաւոր:
Պէտք է ըսել, որ Հայաստանը դիտարկուած պետութիւններուն կարգին այն եզակիներէն է, ուր նախորդ տարուան հետ բաղդատելով ոչ մէկ փոփոխութիւն նկատելի է՝ ո՛չ դրական, ոչ ալ ժխտական։ Հայաստանէն բացի սառած վիճակի մէջ են նաեւ Ուզպեքստանն ու Սերպիան:
Իսկ առանձին ոլորտներու մէջ տիրող իրավիճակին առնչութեամբ արձանագրուած է, որ ամէնէն բարւոք կացութիւնը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ծիրին մէջ:
Հանրային հատուածի զարգացման առումով Հայաստան նոյն մակարդակին վրայ է, ինչպէս հարեւան Վրաստանն ու պալքանեան շարք մը պետութիւններ: Միւս բոլոր վեց չափորոշիչներով, ըստ «Ֆրիտըմ Հաուս»ի՝ իրավիճակը Հայաստանի մէջ բաւական ծանր է: Մամուլի ազատութեան, համապետական եւ տեղական մակարդակներուն վրայ կառավարման որակի, դատական համակարգի անկախութեան բնագաւառներուն մէջ Հայաստան արժանացած է իրաւապաշտպաններու ցած գնահատականներուն՝ հաւաքելով 5.50էն 5.75 միաւոր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ