By Asbarez | Monday, 16 June 2014

ԵՐԵՒԱՆ, Արմէնփրէս.– Կեդրոնական դրամատունէն դուրս գտնուող կանխիկ դրամի ծաւալը 2013 թուականին կազմած է 446.8 միլիառ դրամ՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով աւելնալով 1.5 տոկոսով: Կանխիկ դրամի տեսակային կառուցուածքին մէջ էական փոփոխութիւններ չեն եղած: Առաւել մեծ քանակով աճած է շրջանառութեան մէջ գտնուող 10,000 դրամ անուանական արժէքներով թղթադրամներու ծաւալը, իսկ մետաղադրամներէն՝ 20 եւ 50 դրամ անուանական արժէքներով մետաղադրամներուն ծաւալը:
Կեդրոնական դրամատան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ դրամարկղային շրջանառութեան ծաւալը 2013 թուականին աճած է 4.5 տոկոսով: Տարածքային դրամարկղային կեդրոններուն միջոցով կատարուած է Կեդրոնական դրամատան դրամարկղային ելքերու 37.2 տոկոսը, իսկ մուտքերուն՝ 6.2 տոկոսը:
Միեւնոյն ատեն, հայաստանեան դրամատուներուն կողմէ յաճախորդներուն առաջարկուող դրամատնային առցանց սպասարկման համակարգերուն միջոցով յաճախորդներուն կատարած ընդհանուր վճարումները 2013 թուականին ընթացքին աւելցած են 47 տոկոսով եւ կազմած 6 եռիլիոն դրամ: Նշուած վճարումները յաճախորդներուն կողմէ իրականացուած են դրամատուն-յաճախորդ համակարգերով (վճարումներուն ծաւալը կազմած է 4.6 եռիլիոն դրամ), համացանց-պենքինկ ծառայութեան միջոցով (վճարումներուն ծաւալը կազմած է 1.4 եռիլիոն դրամ), ինչպէս նաեւ հեռախօսային-պենքինկ ծառայութեան միջոցով (վճարումներուն ծաւալը կազմած է 3.9 միլիառ դրամ):
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ